Այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կազմակերպած գարնան 40-րդ ռելին, Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի մէջ:
Այս ռելին 2025-ին կը հանդիսանայ առաջին հանգրուանի մրցումը Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան գծով:
Այս տարի ընդամէնը 4 ռելիներ տեղի պիտի ունենան. գարնան ռելին, Ժեզզինի ռելին, Արզի ռելին եւ Լիբանանի միջազգային ռելին, որ մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան:
Գարնան ռելին կ՛երկարի 2 84, 19 քմ-ի վրայ. այս ճամբուն 101,14 քմ-ն մաս կը կազմէ 6 յատուկ արագութեան հանգրուաններու, որոնց կարգին` առաջին ցուցադրական հանգրուանը` 2,52 քմ, որ տեղի կ՛ունենայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնին մէջ` Քասլիք: