Լիվըրփուլի անգլիացի աջ ծայրի յետսապահ Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ պաշտօնապէս Ռէալ Մատրիտի մարզիկ պիտի դառնայ 1 յուլիսին:
Անգլիացի ֆութպոլիստին գործակալները համաձայնութեան հասան Ռէալի ղեկավարութեան հետ 5 տարուան պայմանագրութեան մը շուրջ` 15 միլիոն եւրօ տարեկան աշխատավարձով:
Ըստ աղբիւրներու, մեծ պոնիւսներ ալ կը սպասեն Առնոլտին, յաջող ելոյթներ կատարելու պայմանով, ինչպէս նաեւ ան պիտի ստանայ 75 միլիոն եւրօ ստորագրութեան պահուն:
Վերջին շաբաթներուն Լիվըրփուլ կը փորձէր համոզել 26 տարեկան Առնոլտը, որ երկարաձգէ «կարմիրներ»-ուն հետ իր պայմանագրութիւնը, սակայն Առնոլտ կեդրոնացած է եւ ծրագիր ունի իր ասպարէզը շարունակելու Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմին հետ:
Այս տարեշրջանին Թրենթ 39 հանդիպումներ կատարած է Լիվըրփուլի հետ` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 7 էսիսթ:
Միւս կողմէ, Մանչեսթըր Սիթիի կեդրոնի պաշտպան Մանուէլ Աքանճի ինքզինք ներկայացուցած է Ռէալ Մատրիտին` առաջարկելով իր ծառայութիւնները:
Մատրիտի ղեկավարութիւնը 29 տարեկան զուիցերիացի Աքանճին ձեռք ձգելու նպատակ չունի, մանաւանդ որ Ռէալ որոշում տուած է որեւէ նիւթական գումարով ձեռք չձգել տարիքով յառաջացած ֆութպոլիստներ: Ռէալ միայն գումար կը ծախսէ երիտասարդ եւ ապագային օգտակար դարձող տաղանդներու վրայ` սպասելով անվճար փոխանցումներ աւելի երէցներու համար: