Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր 3-րդ ելոյթին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը 76-70 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սաժեսէն:
Անդրանիկ 96-79 արդիւնքով յաղթեց Անթունիէին, իսկ օր մը առաջ Հուփս 81-77 արդիւնքով յաղթած էր Սանթրալին:
Անդրանիկ եւ Սաժես իրենց 3 մրցումներուն ալ յաղթած են, մինչ Անթունիէ եւ ՀՄԸՄ իրենց 3 մրցումներուն ալ պարտուած են:
ՀՄԸՄ-ի խումբը լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերեց:


