Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Արժանթին – Պրազիլ` 4-1

March 27, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներու ծիրին մէջ, Արժանթին Պուենոս Այրեսի մէջ հիւրընկալեց Պրազիլը եւ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց զայն:

Առանց խմբապետ Լիոնել Մեսսիի, Արժանթին, որ մրցումէն առաջ իսկ ապահոված էր Մոնտիալի իր տոմսը, 4-րդ վայրկեանէն բացաւ կոլերու հաշիւը` շնորհիւ Խուլիան Ալվարեսի: 12-րդ վայրկեանին արդէն իսկ արդիւնքը 2-0 էր Էնզօ Ֆեռնանտեսի միջոցով:

26-րդ վայրկեանին Վուլվզի յառաջապահ Մաթէոս Քունիա նշանակեց կոլ մը` ի նպաստ Պրազիլի, բայց Արժանթին իր 3-րդ կոլը նշանակեց Լիվըրփուլի միջնապահ Ալեքսիս Մաքալիսթըրի շնորհիւ:

Բ. կիսախաղին, Ճուլիանօ Սիմէոնէ իր առաջին մրցումին (ազգային խումբի շապիկով) դաշտ ներկայանալէն հազիւ 3 վայրկեան ետք նշանակեց Արժանթինի 4-րդ եւ վերջին կոլը:

Տիեկօ Սիմէոնէի զաւակը, որ նոյնպէս Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կը կազմէ, 22 տարեկան է:

Արժանթին դարձաւ առաջին խումբը, որ զտումի մրցումներու պատմութեան մէջ երկու անգամ պարտութեան մատնեց Պրազիլը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ստանար 4 կոլ մէկ մրցումի ընթացքին:

Արժանթին եղաւ 7-րդ ազգային խումբը, որ շահեցաւ մոնտիալի մասնակցութեան իրաւունք: Առաջին խումբը, անշուշտ հիւրընկալ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքոյի կողքին, որ շահած էր իր տոմսը, Ճափոնն էր, ապա Նոր Զելանտան եւ Իրանը:

Նշենք, որ 16 եւրոպական խումբեր իրաւունք ունին մասնակցելու Մոնտիալին, ուր առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին 48 խումբեր:

Ափրիկէէն 9 խումբեր պիտի մասնակցին, Ասիոյ գօտիէն` 8, հարաւային Ամերիկայէն` 6, հիւսիսային եւ կեդրոնական Ամերիկայէն` 3, իսկ Ովկիանիայէն` 1 խումբ: Հիւսիսային Ամերիկայէն` 2, իսկ Ասիայէն, Ափրիկէէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Ովկիանիայէն 6 թեկնածուներ փլէյ օֆ պիտի խաղան, անոնցմէ լաւագոյն 5-ը պիտի միանան 43 ուղղակիօրէն հասնող խումբերուն:

Ստորեւ հարաւային Ամերիկայի զտումի երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քոլոմպիա – Փարակուէյ 2-2
Վենեզուելա – Փերու
Արժանթին – Պրազիլ 4-1
Չիլի – Էքուատոր 0-0
Պոլիվիա – Ուրուկուէյ 0-0

Նախորդը

Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ Պիտի Միանայ Ռէալ Մատրիտին

Յաջորդը

Պարսելոնան Աւելի Ուսումնասիրուած Քայլեր Կ՛առնէ Եամալի Հետ

RelatedPosts

Նշմար.  Այաքս Նոյնիսկ Կը Նահանջէ
Մարզական

Նշմար. Այաքս Նոյնիսկ Կը Նահանջէ

November 6, 2026
Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը

November 6, 2026
Պասքեթպոլ.  Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.