Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը

November 6, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Պէյրութ մարաթոն միութեան նախագահ Մայ խալիլը, որ նախարարին ներկայացուց միութեան վերջին պատրաստութիւններուն մասին զեկուցում մը:

Արդարեւ, Խալիլ ներկայացուց 29 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Սփինիզ Պէյրութ միջազգային մարաթոնի կազմակերպչական աշխատանքներուն բոլոր մանրամասնութիւնները` շնորհակալութիւն յայտնելով նախարար Պայրագտարեանին, որ միութեան բոլոր աշխատանքներուն նեցուկ կանգնած եւ միշտ պիտի կանգնի:

Խալիլ նաեւ յայտնեց, որ այս տարուան միջազգային մարաթոնին մօտ 20 հազար վազողի առիթ պիտի տրուի մարաթոնին մասնակցելու 76 տարբեր երկիրներէ, մանաւանդ որ օտար եւ միջազգային աթլեթներու մեծ թիւով մասնակցութիւնը հետզհետէ կը բարձրացնէ մարաթոնին մակարդակը:

Աւելի հաստատելու համար մարզիկներուն ապահովութիւնը, Խալիլ յայտնեց, որ բժշկական ծրագիր որդեգրած է` Մարոքէն ձեռք ձգելով երկու մասնագէտ բժիշկներ, որոնք վաւերացուած են Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնի կողմէ, ինչպէս նաեւ ներկայ պիտի ըլլան Կարմիր խաչին մաս կազմող 40 հիւանդակառքեր, 20 բժշկական մոթորսիքլեթներ, 80 մարձողներ եւ մօտ 1500 կամաւոր օգնականներ:

Պայրագտարեան գնահատեց Խալիլի աշխատանքը` հաստատելով, որ մասնակիցներուն ապահովութիւնը կարեւորագոյն կէտն է այս միջազգային մարաթոնին, որ տասնեակ տարիներու փորձառութեամբ լաւագոյն ձեւով կը ներկայացնէ Լիբանանի պատկերը երկրին մէջ, թէ անկէ դուրս: Պայրագտարեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնական հրաւէրին` մասնակցելու այս մարաթոնին, միջազգային յայտնի դէմքերու հետ միասին:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70

November 6, 2026
«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին

November 6, 2026
Թենիս. Ճոքովիչ Պարտուեցաւ Եւ Դուրս Մնաց «Մասթըրզ»-էն. Խաչանով Պարտուեցաւ
Մարզական

Թենիս. Ճոքովիչ Պարտուեցաւ Եւ Դուրս Մնաց «Մասթըրզ»-էն. Խաչանով Պարտուեցաւ

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.