Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն Սաքրամենթօ Քինկզ Քալիֆորնիոյ մէջ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը, որ կրցաւ իր յաջորդական 7-րդ յաղթանակը արձանագրելով մնալ «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանի լաւագոյն խումբը:
Թանտըր 121-105 արդիւնքով յաղթեց` ձեռք ձգելով 14-րդ յաղթանակը` վերջին 15 մրցումներուն:
Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի, մինչ Չեթ Հոլմկրեն 18 կէտ եւ 10 ռիպաունտ եւ Ալեքս Քարուսօ 15 կէտ աւելցուցին:
Սաքրամենթոյի լաւագոյն մարզիկներն էին Քիկըն Մարէյ 28 կէտ (9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ) եւ Զաք Լըվին (19 կէտ), որոնք կրեցին 4-րդ յաջորդական պարտութիւնը:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտին վրայ 122-111 արդիւնքով յաղթեց, ուր առանց Տոնավըն Մեչելի Քլիվլենտէն 3 մարզիկներ 20-է աւելի կէտեր նշանակեցին:
Տարիըս Կարլենտ (27 կէտ եւ 8 էսիսթ), Թայ Ճերոմ (25 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (21 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) լաւ մրցում մը ունեցան: Ճերըթ Էլըն (14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եւ Սեմ Մերիլ (14 կէտ), ինչպէս նաեւ Տեանտրէ Հանթըր (11 կէտ) իրենց կարգին լաւ մրցում ունեցան: Փորթլենտէն 6 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Տոնավըն Քլինկըն (18 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), Սքութ Հենտըրսըն (18 կէտ), Շէյտըն Շարփ (18 կէտ), Տենի Աւտիժա (17 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Թումանի Քամարա (13 կէտ) եւ Մաթիս Թայպուլ (15 կէտ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 122-96
Չարլոթ Հորնեթց – Օրլանտօ Մեճիք 104-111
Նիւ Եորք Նիքս – Տալաս Մեւրիքս 128-113
Մայեմի Հիթ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 112-86
Հիուսթըն Ռոքեթց – Աթլանթա Հոքս 121-114
Եութա Ճեզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 103-140
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 105-121
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 111-122