Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Հուփս – ՀՄԸՄ` 109-81

March 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, հինգշաբթի գիշեր,  ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը 109-81 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն կրեց Հուփսէն,  այս վերջինիս դաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ մրցումի սկիզբէն չկրցաւ իր բնական խաղը կիրարկել, մանաւանդ որ մրցակից խումբը լաւապէս «հսկած» էր Ճորտըն Սթիվընզի շարժումները:

Սթիվընզ առաջին մասին 3 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան 10 կէտ նշանակեց, Տի. Ճէյ. Քենետի` 5 կէտ եւ Սենթըր Եոաթ Ալոք` 3 կէտ:

Հուփս 25-21 արդիւնքով աւարտեց առաջին մասը: Բ. մասին Հուփս աւելի հանգիստ խաղցաւ, որովհետեւ  ՀՄԸՄ-ի մարզիկները շատ հանգիստ ձգած էին մրցակից խումբի մարզիկները, որոնք դաշտին բոլոր կողմերէն հանգիստ ձեւով կը հարուածէին եւ դիւրին կողովներ կը նշանակէին: ՀՄԸՄ միայն 16 կէտ նշանակեց այս մասին: Կապրիէլ Աճէմեան եւ Տի. Ճէյ. Քենետի 6-ական կէտեր նշանակեցին մինչ Կերի Չիւիչեան 2 կէտ նշանակեց Ալոքի 2-ին հետ:

Մինչեւ Կիսախաղ Ճորտըն, Եոաթ եւ Կապրիէլ ամբողջ 20 վայրկեան մնացած էին դաշտ, մինչ Փիթըր Տեքիրմենճեան մօտ 1 վայրկեան փոխարինած էր Քենետին: Պասէլ Հարֆուշ 5 վայրկեան փոխարինեց Կերին, բայց ոչ մէկ բան ըրաւ…

Կը կարծուէր, որ Բ. կիսախաղին «Բան մը կը փոխուի», բայց… Միակ բանը, որ փոխուեցաւ արդիւնքի տարբերութիւնն էր, որ աւելի եւս աւելցաւ: Հուփս 33 կէտ նշանակեց, 10 կէտ աւելի` ՀՄԸՄ-էն: Կապրիէլ 4 վայրկեան խաղցաւ այս մասին` նշանակելով 4 կէտ, Քենետի` 4,  Կերի` 11 կէտ եւ Ալոք` 4: Այս 3-րդ մասին մասնակցեցան Գէորգ Գէորգ, Ժոզեֆ Խուրի Եւ Ճէյսըն Սուֆան: Արդիւնքը 86-60 եղած էր, եւ գրեթէ անկարելի եղած էր հասնիլը, եւ մրցումը գրեթէ շարունակեցին պահեստի մարզիկները: Միայն Ճորտըն Սթիվընզ եւ Տի. Ճէյ. Քենետի մնացին:

Սթիվընզ 5 կէտ նշանակեց 38 վայրկեանի ընթացքին, մինչ Քենետի 24-ով աւարտեց մրցումը: Կապրիէլ Աճէմեան 20 կէտ նշանակեց: Գէորգ (2 կէտ), Խուրի (4 կէտ) եւ Սուֆան (4 կէտ) իրենց կարգին կէտեր նշանակեցին` 7-էն 10 վայրկեաններ խաղալով, մինչ Պասել Հարֆուշ 11 վայրկեանի առիթ ունէր եւ ոչ մէկ կէտ նշանակեց:

Յոյսով, որ այս մրցումը կը մոռցուի, եւ երկուշաբթի օր Մըզհերի մէջ հիւրընկալելով Անթունիէն, ՀՄԸՄ-ի տղաքը մոռացութեան կ՛ենթարկեն հինգշաբթի օրուան ձախող ելոյթը:

Նախորդը

Ազգերու Լիկայի Բաժակ. Հայաստան – Վրաստան` 0-3. Խրուաթիա Յաղթեց Ֆրանսային, Գերմանիա Իտալիոյ Մէջ Յաղթեց

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս Էն. Էս. Էյ.

RelatedPosts

Հրաձգութիւն.  Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան
Մարզական

Հրաձգութիւն. Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

March 5, 2026
«Հայփ Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցումը… Կրնայ Յետաձգուիլ
Մարզական

«Հայփ Էֆ. Սի.» Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցումը… Կրնայ Յետաձգուիլ

March 5, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան Հասաւ Աւարտական
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան 2025-ի Լաւագոյն Մարմնամարզիկ

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.