Հինգշաբթի գիշեր, տեղի ունեցան Եւրոպայի Ազգերու Լիկայի բաժակի փլէյ-օֆի, ինչպէս նաեւ առաջին կարգի քառորդ աւարտականի երթի մրցումները:
Երեւանի մէջ, Հայաստան 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Վրաստանէն: Վրաստան շատ աւելի վտանգաւոր էր եւ օգտուեցաւ պզտիկ սխալներէ, մինչ Հայաստան որ շատ ազդուած էր Էտուարտ Սփերձեանի բացակայութենէն, կրնանք ըսել, որ 1 լուրջ առիթ ստեղծեց եւ նոր մարզիչ Ճոն Վան՛թ Սխիփի հին առաջին մրցումին, որ Էտկար Սեւիկեանի հարուածը զսպուեցաւ Վրաստանի բերդապահին կողմէ:
Ճիորճի Քոչորաշվիլի եւ Ճորճ Միքաութածէ (2) նշանակեցին վրացիներուն կոլերը: Դարձի մրցումը վաղը տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Այս ընթացքով դժուար թէ Հայաստան դրական արդիւնք ձեռք ձգէ, եւ շատ հաւանական է, որ իջնէ Գ. կարգի խումբերու շարքին, բան մը, որ աւելի կը դժուարացնէ յառաջիկայ Մոնտիալի զտումի մրցումներուն խմբակի դիրքաւորումը:
Խրուաթիա իր դաշտին վրայ Սփլիթի մէջ 2-0 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Ֆրանսան:
5-րդ վայրկեանին Իպրահիմ Քոնաթէ գնդակին ձեռքով դպաւ, եւ փենալթի մը սուլուեաւ ի նպաստ Խրուաթիոյ. այդ փենալթին կոլի չկրցաւ վերածել Անտրէ Քրամարիչ, որուն հարուածը (բերդին կեդրոնը) չկրցաւ խաբել Մայք Մենիանը:
15-րդ վայրկեանին առիթ մը եւս, եւ Կվարտիոլի հարուածը վարպետօրէն զսպեց Մենիան:
26-րդ վայրկեանին Իվան Փերիշիչ գնդակը պատրաստեց Անթէ Պուտիմիրին, որ գնդակը զետեղեց Ֆրանսայի բերդին մէջ:
Կիսախաղ չեղած, Փերեշիչ անզսպելի հարուածով մը նշանակեց Խրուաթիոյ 2-րդ կոլը: 59-րդ վայրկեանին Քիլիան Էմպափէ, որ վերադարձած էր ազգային խումբ, առիթ մը ստեղծեց գնդակը փոխանցելով Օսման Տեմպիլէի սակայն վերջինիս հարուածը շեղեցաւ Խրուաթիոյ բերդէն:
Խրուաթիոյ բերդապահ Տոմինիք Լիվաքովիչ Տեմպելէի եւ Էմպափէի (81-րդ վայրկեան) առիթները զսպելով անառիկ պահեց իր բերդը:
Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա բաւական լաւ մրցումէ մը ետք պէտք ունեցաւ Միքել Մետինոյի կոլին` հաւաստելու համար Նետերլանտներու հետ (2-2), այս վերջինիս դաշտին վրայ (Ռոթերտամի մէջ):
Քոտի Կաքփօ եւ Թիյանի Ռէյնտըրզ նշանակեցին Նետերլանտներու կոլերը, մինչ Նիքօ Ուիլիամս 9-րդ վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը:
Միլանի մէջ, Իտալիա հիւրընկալեց Գերմանիան: 9-րդ վայրկեանին Սանտրօ Թոնալի նշանակեց առաջին կոլը, մինչ երկրորդ կիսախաղին Գերմանիա, փոխարինելէ ետք յառաջապահ Պիւրքարտը` Քլայնտինսթով եւ Տաւիտ Ռաումը` Նիքօ Շլոթերպեքով, աւելի բարելաւեց իր խաղը:
49-րդ վայրկեանին, խմբապետ Եոշուա Քիմիջի փոխանցումէն ետք Թիմ Քայլնտինոթ գլխու անզսպելի հարուածով գրաւեց Իտալիոյ Տոնարումայի բերդը:
76-րդ վայրկեանին, Քիմիչի քոռնըրէն ետք Լէոն Կորեցքա, 15 ամիս հեռու մնալէ ետք ազգային խումբէն գլխու հարուածով մը նշանակեց Գերմանիոյ երկրորդ եւ յաղթանակի կոլը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը (ինչպէս բոլոր մրցումները), մինչ Իտալիա-Գերմանիա մրցումին յաղթականը եւ իր դէմ պիտի ունենայ Դանիա – Փորթուգալ ճակատումի յաղթականը:
Հինգշաբթի գիշեր, Դանիա Քոփենհակընի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Փորթուգալին, հակառակ Քրիսթիան Էրիքսընի կորսնցուցած փենալթին: Ռասմուս Հոյլունտ 78-րդ վայրկեանին նշանակեց Դանիոյ եւ մրցումին միակ կոլը:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Խրուաթիա – Ֆրանսա 2-0
Դանիա – Փորթուգալ 1-0
Իտալիա – Գերմանիա 1-2
Նետերլանտներ – Սպանիա 2-2
Փլէյ օֆ
Հայաստան- Վրաստան 0-3
Թուրքիա – Հուգարիա 3-1
Աւստրիա – Սերպիա 1-1
Պուլկարիա – Այիր 1-2
Յունաստան – Սկովտիա 0-1
Քոսովօ – Իսլանտա 2-1
Սլովաքիա – Սլովենիա 0-0
Ուքրանիա – Պելճիքա 3-1