Վաղը Մըզհերի «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Էն. Էս. Էյ.-ը երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Հինգշաբթի սկսան դարձի մրցումները: Առաջին մրցումին Ռիատի պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Պքեննեյան` 86-63 արդիւնքով: Ռեպեքքա Աքըլ մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր` նշանակելով 27 կէտ: Տոնասիա Հուտ 25 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ռիատիի, մինչ Պքեննեյայի «հսկայ» օտար մարզիկը` Մեճիկէն Սենէ 17 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս որ երթի մրցումներէն ետք 3-րդ դիրքը գրաւած էր` մնալով Ազուրի (առաջին) եւ Ռիատիի ետին, պէտք է ինքզինք վերագտնէ եւ օգտուի իր որակաւոր մարզիկներէն` աւելի լաւ դարձի մրցումներ ունենալու համար:
Համակիրներէն ալ կը սպասուի, որ մեծ թիւերով դաշտ ներկայանան` քաջալերելու ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
Ստորեւ` դարձի առաջին հանգրուանի (10-րդ հանգրուան յայտագիրը.
Այսօր
Ազուր – Պէյրութ Ֆըրսթ (ժամը 15:00ին)
Մթայլեպ – Չեմփս (ժամը 15:00ին)
Անդրանիկ – Հուփս (ժամը 19:30-ին)
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էն. Էս. Էյ. (ժամը 21:00-ին):