Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Թիքնիզեան Կրնայ Միանալ Ժիրոնային

March 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  «ԱՐ. ՊԷ. ՍՓՈՐԹ»-Ի տեղեկութիւններով, Լոքոմոթիւ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Նայիր Թիքնիզեան կրնայ տեղափոխուիլ սպանական Ժիրոնա ակումբը:

Ժիրոնա փոխարինող կը փնտռէ իր սպանացի յետսապահ Միկել Կութիերեսին, որ ամենայն հաւանականութեամբ այս ամառ կը լքէ խումբը կա՛մ վերադառնալով Ռէալ Մատրիտ, կա՛մ ալ կը տեղափոխուի Անգլիոյ Լիվըրփուլ:

23 տարեկան սպանացին փոխարինելու նպատակով գլխաւոր թեկնածու կը նկատուի 25 տարեկան հայ ֆութպոլիստը, որուն ծառայութիւններով նախապէս հետաքրքրուած էին Սեւիլա եւ Լեղանես:

–  ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ կեդրոնի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տայք հաւանական է, որ տեղափոխուի «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ակումբ, երբ այս ամրան անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի «կարմիրներ»-ուն հետ:

Աւելի կանուխ Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ խումբը նախնական առաջարկ կատարած էր Լիվըրփուլի յետսապահին համար:

–  ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբը ճնշում կը բանեցնէ Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ազգային խումբի աջ ծայրի յառաջապահ Լամին Եամալի վրայ` նոր պայմանագրութիւն չկնքելու համար Պարսելոնայի հետ:

Ըստ «Էլ Նասիոնալ»-ի, փարիզցիներուն ծրագիրն է Լամինին մեծ նիւթական գումարով պայմանագրութիւն մը առաջարկել, որ կը հասնի Քիլիան Էմպափէի նիւթական պայմաններուն:

Աւելի կանուխ լուրեր շրջան կ՛ընէին, թէ Եամալ իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ Պարսելոնայի հետ, երբ 18 տարեկան դառնայ:

17 տարեկան Եամալ մինչեւ 2016-ի ամառ պայմանագրութիւն ունի Պարսելոնայի հետ: Անոր փոխանցման գինը կրնայ հասնիլ 180 միլիոն եւրոյի:

–  ՍՊԱՆԻՈՅ ձախ ծայրի յառաջապահ Նիքօ Ուիլիամս, շատ հաւանական է, որ այս ամառ լքէ Աթլեթիք Պիլպաոն եւ միանայ Լոնտոնի Արսենալին: Պարսելոնա անցեալ տարի կը փորձէր ամէն գնով ձեռք ձգել Նիքօ Ուիլիամսը, սակայն նիւթական դժուար պայմաններ ունենալու պատճառով Ուիլիամս նախընտրեց տարի մը եւս սպասել: Այժմ Արսենալ շատ լուրջ բանակցութիւններու սկսած է, մինչ Պայերն Միւնիխն ալ նոյն գիծի վրայ է` ձեռք ձգելու Ուիլիամսը, մանաւանդ որ Պայերն կ՛ուզէ փոխարինել տարիներով գործած իր ծայրի յառաջապահներ Քինկզլի Քոմանը, Սերժ Կնապրին եւ Լիրոյ Սանէն:

ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ եւ Սպանիոյ ազգային խումբի 22 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Ռաուլ Ասենսիօ գրաւած է Անգլիոյ Լիվըրփուլ ակումբի, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Ա. Սէ. Միլանի ուշադրութիւնը:

Երկու ակումբներն ալ յոյս ունին, որ Ասենսիօ չ՛երկարաձգեր իր պայմանագրութիւնը Ռէալ Մատրիտի հետ եւ պատրաստ կը՛լլայ անոնց առաջարկները ուսումնասիրելու:

Նախորդը

ՀՕՄ-ը` ՄԱԿ-ի 69-րդ Կիներու Իրավիճակի Յանձնաժողովին

Յաջորդը

Արսենալ Կը Բողոքէ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.