Անգլիոյ երիտասարդներու «Փրեմիեր լիկ»-ի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սանտըրլենտ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիծը:
Դաշտին տիրոջ` Սանտըրլենտի կազմէն տուպլէ մը ձեռք ձգեց Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբի յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան:
Կերակուսեան 40-րդ եւ 42-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր կոլերը: Սանտըրլենտ այս յաղթանակէն ետք 26 կէտերով գրաւեց դասաւորման 12-րդ դիրքը:
Կերակուսեան, որ Սանտըրլենտի 18 տարեկանէն վար խումբին ալ մաս կը կազմէ, 21 տարեկանէն վար խումբին հետ իր 3-րդ կոլը նշանակեց 2 էսիսթներու կողքին: Ան իր 8-րդ մրցումը կատարեց խումբին հետ:
Ֆին Կերակուսեան 11 ելոյթ ունեցած է 18 տարեկանէն վար խումբին հետ, ուր նշանակած է 6 կոլ` կատարելով 3 էսիսթ:


