ԻԱ. դարու այս թոհուբոհին մէջ ի՛նչ գործ ունի Օշական մը. արդեօք ժամանակավրէպ չէ՞… Օշական իր կնճռոտ ոճով, ճոխ, սակայն մերթ անգործածական բառամթերքով ի՛նչ ունի դեռ ըսելիք` այդ իր ջերմոտ թանաքին տարակարծ ապառումէն իբր եօթանասունը եօթը տարիներ ետք… Պատասխանի կու գայ Եղիվարդ (Եղիշէ արք. Տէրտէրեան) իր արդար որակումով. Օշական հանգոյն Ատրէ Ժիտիի «կը գրէ անոնց համար, որոնք պիտի գան»: Օշական ունէր այդ կանխատեսութիւնը. արեւմտահայ մեր նոր մատենագրութեան այս ճգնազգեցիկ քուրմը` իր տարտամ դիմաստուերով, պարտասուն-պարտասուն, իր «ծուծէ պարպուած» ձեռքերով թարմ-թարմ զոհեր կը մատուցէ այդ նուիրական բագինին… Եւ սերունդներու տողանցքին` որքա՜ն բնականոն, այդքան եւ խօլ, Յակոբ Օշական իր ձեռքը կը կարկառէ` նոր-նոր պատգամներ յղելով անձնիւրին… Մէկուն փառաւոր «հայ ժողովուրդ»-ի մը պատկանիլը կը յուշէ, միւսին իրեն ժամանակակից հայութեան ճշմարիտ հոգեկանութիւնը կը ներկայացնէ, ուրիշին իր այդ մեծութեան հեշտանքը թողլով` ընդառաջ կ՛ելլէ զերթ այն գեղի որբ պատանեկիկը, որ ծայրաստիճան յուսաբեկութեանը մէջ կը նկրտէր օր մը հասնիլ «մարդ ըլլալ»-ու առաքինութեան: Այս է գրագէտ Օշականը` իր ուրոյն երանգներով եւ իր խորին ներաշխարհը պատած խորհրդաւոր աղջամուղջով:
Գրագէտը այսօր կը բարբառի իբրեւ «Տեսնող եւ տեսանող Յակոբ Օշականը». վայելուչ եւ գեղեցիկ թղթակազմ հաստափոր հատոր մը` մօտ հինգ հարիւր երեսներ անցնող, հրատարակուած անցեալ տարի (2024-ին), Լաւալ, Քանատա. հատորին խմբագիրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երախտաւոր Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Հատորը կ՛ընդգրկէ Յակոբ Օշականի գրչին պատկանող յօդուածներ եւ յօդուածաշարեր` հրատարակուած Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնաթերթին մէջ, երբ խնդրոյ առարկան Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ իբրեւ վարժապետ կը պաշտօնավարէր (1934-1948): Նշելի է, որ հատորը նոյնպէս կը պարունակէ Օշականի մահուան առթիւ «Սիոն»-ի հրատարակած բօթը, ինչպէս նաեւ` մեծանուն գրագէտին մասին Եղիվարդի (Եղիշէ արք. Տէրտէրեան) ստորագրած յօդուածները:
Հատորին սկզբնաւորութեան ընթերցողը կը դիմաւորուի բաւականին ընդարձակ կանխաբանով մը` խմբագիր սրբազանին գրչէն: Կանխաբանին բաղադրութիւնը երեք բաժին է. առաջին բաժնին մէջ խմբագիրը կուռ եւ համառօտակի կը յայտնէ, թէ ի՛նչ առաջադրութեամբ լոյսին կը հանէ սոյն հատորը: Երկրորդ բաժինով ընթերցողներ նախահամը կ՛առնեն հատորին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն` մի առ մի, քառասունմէկ յօդուած. խմբագիրը հոս ճարտար սահմանող եւ ժուժկալ վերլուծաբան մըն է` յօդուածներէն դիպուկ մէջբերումներով: Գալով երրորդ բաժնին, խմբագիրը անձնական, սակայն եւ բաւականին խոհական որակումներ կը կատարէ Օշականի գրական յատկանիշերուն վրայ` ըլլա՛յ իբրեւ հայ գրականութեան օգոստափառ գրագէտ ընդհանրապէս եւ իբրեւ հեղինակ սոյն զեղուն յօդուածներուն` ի մասնաւորի:
Հուսկ, շարանն է յօդուածներուն. մէկը միւսէն ուրոյն, մէկը միւսէն միանգամայն թէ՛ գունագեղ եւ թէ՛ դալուկ, մէկը միւսէն թէ՛ տարածուն եւ թէ՛ սեղմ… Հոն նոյնինքն Օշականն է` իր մտքին հոլաթեւ խոյանքներով եւ յեղակարծ տապալումներով, անծայր հորիզոններով եւ մօտիկ վախճաններով… Տարօրէն է Օշական. բառ մը, զոր գործածեց շա՜տ հեղ… Տարօրէն. անսովոր, բայց` ոչ երբեք արտառոց, այլ միշտ յեցած է տրամաբանութեան: Այս անսովորութեան սահմաններուն մէջ Օշական հանրագիտակ մըն է. ի հարկին գրագէտն է, գրաքննադատը, փիլիսոփան, ընկերաբանը, հոգեբանը, աստուածաբանը, դիւանագէտը, հոգեւորականը, ժառանգաւորը, սարկաւագը, ռամիկը, քաղքենին եւ շինականը: Նախայիշեալները, անխտիր, Օշականի ներաշխարհին մէջ տեղ ունին. Օշական կը մտահոգուի, կը տագնապի, մերթ կը կոտտայ, մերթ յուսալից կը դառնայ, սակայն, ըստ կարելւոյն, կը պահէ հակակշռութիւն մը` ի ներքուստ: Յօդուածագրութիւնը, կամ ընդհանրապէս գրիչ շարժելը Օշականի արձակարանն էր. այնքան մեծ էր Օշականի հոգւոյն տաժանքը, որ պարտէր տեղ մը պարպել, ցոլացնել, արձանագրել` «եկողներուն համար»… Ինչ որ Օշական չխօսեցաւ հրապարակաւ, չկրցաւ մեծահանդէս պերճանքներով յայտարարել, յանձնեց հայ մտաւորականին այն հաւատարիմ եւ ապերախտ բարեկամ թուղթին. գուցէ անորոշ ապագան զանոնք կարկառ առ կարկառ երեւան հանէր… Ի՜նչ հէքութիւն… Տիտանի մը գործերուն մեծամասնութիւնը դէպի անդենական ճանապարհորդութենէն ետք հրապարակ ելաւ:
Յակոբ Օշականի ստորագրութիւնը կրող յօդուածները, հատորին մէջ, երեսուներկու կը հաշուեն. առաջին քսանվեցը հրատարակուած են հեղինակին կենդանութեան, իսկ «Միտք եւ սիրտ- մեր օրերու հարցերուն առջեւ» վեց յօդուածներէ կազմուած յօդուածաշարը` յետմահու: Վերջինիս եւ առաջին յօդուածներուն միջեւ զերթ անջրպետ կը գտնենք երկու յօդուած` մին գրագէտին մահը գուժող, իսկ միւսը` միեւնոյն առթիւ Եղիշէ վրդ. Տէրտէրեանի (նոյնինքն Եղիվարդ) մահերգական անդրադարձը: Հատորին վերջին յօդուածներն են վերոյիշեալ Եղիվարդի (արդէն պատրիարք) «Օշական երէկ եւ այսօր» վերնագրեալ չորս խիստ շահեկան յօդուածները` գրուած մեծ գրագէտին մահուան քսանհինգամեակին առթիւ. հոս Օշական կը ներկայացուի` իբրեւ մարդ, գրագէտ, քննադատ, եւ թող թանաքս ժպրհի աւելցնել, բարեկամ: Վերջիններս մե՛րթ յուշագրական եւ մե՛րթ տեսական բնոյթ ունին, սակայն յստակօրէն ակնյայտնի է Եղիշէ արքեպիսկոպոսի սերտ ծանօթութիւնը Օշականի հետ: Հատորին վերջաւորութեան` իբրեւ յաւելուած, տեղադրուած են Յակոբ Օշականի երեք կենսագրութիւններ. առաջինը եւ ամէնէն ընդարձակը` նոյնինքն «Սիոն»-էն, իսկ երկրորդն ու երրորդը, շատ աւելի սեղմ, քաղուած` երկու տարբեր կայքէջերէ: Երրորդ կենսագրութեան մէջ տրամադրելի է Յակոբ Օշականին գործերուն մատենագիտական ցուցակ մը` վերնագիրներով, հրատարակութեան վայրերով եւ թուականներով:
Այո՛ , Օշական շա՜տ բան ունի ըսելիք, մանաւանդ ա՛յս մեր սերունդին: Հայութիւնը այն չէ, ինչ որ էր Օշականի ժամանակ. չեն մնացեր գեղի միամիտ, բարեսիրտ եւ դէպի քաղաքակրթութիւն տենչացող խոնջած հայերը, երկուքն ալ` իրաւազուրկ եւ հայրենազուրկ. փոխուած է հայ զարմին հոգեկանութիւնը… Սակայն էութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Օշական սոյն հատորով կու գայ որպէս յուշարար. անոր մէն մի յօդուածը թելադրութիւն մը կը ներշնչէ` դիմելու դէպի արմատը, դէպի բիւրեղը, դէպի անկեղծը… Յակոբ Օշականի բազմատանջ հոգին ինչե՜ր ցոլաց, եւ դե՛ռ կը ցոլայ… Ո՜վ հայ, ահաւասիկ քեզի դե՛ռ «Տեսնող եւ տեսանող Յակոբ Օշականը»… Օշական յա՛ր կը խօսի. որ ունիցի ունկն լսելոյ, լուիցէ: