Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կ՛ըսէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը

Մարտ 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

13 մարտին անակնկալօրէն Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւնները աւարտած են, քանի որ Հայաստան ընդունած է վիճելի երկու կէտերու բանաձեւումը: Սովորաբար նման յայտարարութիւններ կը կատարուին միասնաբար, ցոյց տալով, որ տարակարծութիւնները լուծուած են եւ հաստատուած` բարեկամութիւն: Ազրպէյճանի միակողմանի յայտարարութեան աւելի ուշ միացաւ Հայաստան, աւետելով ցանկալի խաղաղութեան հաստատումը:

Ընդունուած 17 կէտերէ բաղկացած համաձայնագիրը, որ վերջ պիտի դնէ երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ հակամարտութեան, տակաւին գաղտնի կը մնայ: Անոր զանազան կէտերու պարունակութիւնը կարելի է կռահել Նիկոլ Փաշինեանի առաջ քաշած զանազան գաղափարներով: Օրինակ` երկու երկիրներու հողային ամբողջականութեան փոխադարձ ընդունումը, որ կ՛ենթադրէ Արցախի ճանաչումը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: Նիկոլ Փաշինեան քանի մը առիթներով յայտնած էր, որ Հայաստան ոչ մէկ հողային պահանջ ունի իր դրացիներէն: Աւելի՛ն, պահանջ պիտի չունենայ նաեւ ապագային:

Բազմաթիւ հարցեր անորոշ կը մնան: Ազրպէյճան պիտի հեռանա՞յ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ երկու հարիւր քառակուսի քիլոմեթր գրաւած տարածքներէն: Ազրպէյճան բնաւ չէ յայտարարած, որ կը ճանչնայ Հայաստանի ամբողջականութիւնը: 1988-էն առաջ Հայաստանի մէջ բնակող ազերիները պիտի արտօնուի՞ն վերադառնալ: Արցախեան շարժման սկզբնաւորութեան ազերիները ծախեցին իրենց կալուածները եւ ունեցուածքը եւ հեռացան: Իսկ Ազրպէյճանի մէջ ապրող երեք հարիւր հազար հայերը պարզապէս ձեռնունայն արտաքսուեցան նոյն թուականներուն. ասոնց իրաւունքները ճանչցուա՞ծ են:

Փաշինեան հակադրութիւն ստեղծեց պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի միջեւ: Իրական Հայաստանը այժմու Հայաստանն է, որ ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, իր վրայ կը կրէ հայոց մշտնջենական հայրենիքի եւ պետականութեան ստորոգելիները: Այս մօտեցումով, «իրական Հայաստանը» կը վերածուի ազգային գաղափարախօսութեան: Հայութեան ներկան ու ապագան տնօրինող այս գաղափարի ցոլացումը առկա՞յ է համաձայնագիրին մէջ:

Առարկայական վերլուծում մը կատարելու համար մեզի կը պակսի համաձայնագիրի տասնեօթը կէտերու պատճէնը: Պարտադրուած այս գաղտնիութիւնը կասկածներ կը յառաջացնէ անոր բովանդակութեան վերաբերեալ: Դարերով ապրած, նուաճուած ու ստրկացուած հայութիւնը, ընկճուած սակայն վերականգնումի յոյսը անդադար փայփայած հայութիւնը ստեղծած է ազգային գաղափարաբանութիւն մը, որ պահպանած է զինք, երաշխաւորած գոյատեւումը: Հիմա, սուտ մարգարէի մը յաղթական օտարի պարտադրած մտայղացումով նորատեսակ Հայաստան ու հայութի՞ւն կը կերտուի: Ինչ որ չկրցան ընել պարսիկն ու հռոմայեցին, արաբն ու բիւզանդացին, սելճուքն ու թաթարը, թուրքը, օսմանցին եւ ռուսը, այժմ կը նկրտի ընել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան թիւրիմացութեամբ տիրացած վարչապետ մը:

Հակառակ համաձայնութեան վերջնականացման, Ազրպէյճան չ՛աճապարեր ստորագրելու զայն: Տակաւին պայմաններ ունի, որոնց մասին կարելի է կռահել, որ բանաւոր համաձայնութիւն գոյացած է: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը գլխաւորն է այդ պայմաններուն: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, նոր սահմանադրութիւնը պիտի ունենայ տարածաշրջանային տարողութիւն, այսինքն` գլխաւոր օրէնքով պիտի վաւերացնէ «իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը»:

Բախտորոշ օրեր կը սպասեն ոչ միայն «իրական Հայաստանի» քաղաքացիներուն, այլեւ համայն հայութեան: Խաղաղութեան ձգտումը բնական ու ցանկալի երեւոյթ է: Սակայն կարելի չէ խաղաղութիւն կերտել պատմութենէն շեղուելու եւ հայկականութեան դիմագիծը եղծելու ճանապարհով: Կեղծ է նման խաղաղութիւնը, ուրեմն` մերժելի:

 

 

Նախորդը

Յակոբ Օշականի Տեսածը Դե՛ռ Կը Ցոլայ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կը Պատահի Սուրիոյ Մէջ. Ահմետ Շարհի Վերելքը Եւ Պատերազմով Քայքայուած Երկրին Ապագան Դէպի Ո՞ւր

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?