Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւելեալ Երկիրներ Կ՛ողջունեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւններու Աւարտի Մասին Յայտարարութիւնը

Մարտ 17, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիա

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ թագաւորութիւնը կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խաղաղութեան համաձայնութեան շուրջ բանացութիւններու աւարտը` յոյս յայտնելով, որ «համաձայնութիւնը կը յանգեցնէ կայունութեան ու բարգաւաճման նոր փուլի»:

Սէուտական Արաբիան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը «այն բոլորին, որոնք կրնան միջազգային անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման յանգեցնել, եւ զարգացման ու բարգաւաճման աջակցող պայմաններ ստեղծել»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ողջունեցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յայտարարութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտի մասին` յոյս յայտնելով, որ այս պատմական քայլը պիտի ամրապնդէ հաղորդակցութեան, երկխօսութեան եւ կայունութեան կամուրջները եւ պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ժողովուրդներու, եւ ընդհանուր առմամբ, կովկասեան շրջանի զարգացման:

Էմիրաթցի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով օգնական Լանա Նուսէյպան նշած է, որ իր երկիրը կ՛աջակցի երկու բարեկամ երկիրներուն կողմէ ընդունուած բոլոր որոշումներուն` շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ` կայուն եւ կառուցողական համագործակցութեան նոր էջ բացող կարգաւորման ամրապնդման գործին մէջ:

Ան ընդգծած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ամուր յարաբերութիւններ ունին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի հետ` ակնկալելով անոնց միջեւ համագործակցութեան ընդլայնում` ընդհանուր շահերուն հասնելու համար:

Չինաստան

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին գրեց. «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կարեւոր երկիրներ են Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ եւ Չինաստանի լաւ բարեկամներն ու գործընկերներն են: Չինաստանը անկեղծօրէն յոյս ունի, որ երկու երկիրները կը կարողանան լուծել իրենց հակամարտութիւնները եւ տարակարծութիւնները` երկխօսութեան ու խորհրդակցութիւններու միջոցով եւ նպաստել շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան, զարգացման ու բարգաւաճման»:

Իրան

Իրանի նախագահի կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան շուրջ համաձայնութեան գոյացման համար եւ շնորհաւորած երկու դրացի երկիրներն ու ժողովուրդները այս կարեւոր իրադարձութեան առիթով:

«Իրանը միշտ ողջունած է խաղաղութեան, հաշտեցման եւ կայունութեան հաստատումը շրջանին մէջ, յատկապէս իր դրացիներու միջեւ` երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումով»:

Իտալիա

Իտալիան կ՛ողջունէ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու աւարտի մասին յայտարարութիւնը: Այս մասին նշուած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան «Էքս»-ի վրայ գրառումին մէջ:

«Իտալիոյ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ կարգաւորման հոլովոյթին` շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման աջակցելու համար», կը յայտնէ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Յունաստան

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց. «Կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յայտարարութիւնները «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման պայմանագիր»-ի շուրջ բանակցութիւններու եզրափակման վերաբերեալ: Պայմանագիրի արագ ստորագրումը Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման համար ճամբայ պիտի հարթէ»:

Լեհաստան

Լեհաստանը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ համաձայնութիւնը եւ յոյսով է, որ անիկա արագ պիտի ստորագրուի: Այս մասին նշուած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան «Էքս»-ի վրայ գրառումին մէջ:

Պրազիլ

Պրազիլի կառավարութիւնը յայտարարեց. «Պրազիլի կառավարութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններու յայտարարութիւնը` համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտի մասին, որուն իրագործումէն ետք պիտի վերականգնուի երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը եւ պիտի կարգաւորուին երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պրազիլը կը խրախուսէ կողմերուն շարունակելու առաջնահերթութիւն տալ դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան` իբրեւ ամուր ու կայուն խաղաղութեան ճամբայ եւ կը յայտնէ իր ակնկալիքը, որ հոլովոյթը կրնայ որքան կարելի է շուտ վերջ գտնէ»:

Ուրուկուէյ

Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի բնագիրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտի մասին յայտարարութեան, յայտնեց. «Այս առնչութեամբ Ուրուկուէյը կ՛ողջունէ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան, դիւանագիտութեան եւ միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած փոխըմբռնման ձեռքբերումը եւ կը խրախուսէ այս համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրումը` երկու ժողովուրդներու եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանի համար երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման հասնելու նպատակով»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Անզիջող Մնալու Հայաստանի Պետական Շահերուն Սպառնացող Դաւերուն Դէմ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Կը Դատապարտէ Գաղտնի Բանակցութիւններու Հիմամբ Հայաստանին Եւ Հայութեան Պարտադրուող Նոր Զիջումները

RelatedPosts

Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ  Բարեկամութիւնը Յաւերժական Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Բարեկամութիւնը Յաւերժական Է»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Վրաստան Փակած Է Ազրպէյճանի  «Պատմական Պարտք»-ը
Հայկական

Վրաստան Փակած Է Ազրպէյճանի «Պատմական Պարտք»-ը

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ըստ «Ափա»-ի.  «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը  95 Առ Հարիւրով Պատրաստ Է
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ափա»-ի. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը 95 Առ Հարիւրով Պատրաստ Է

Սեպտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?