Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Առաջնահերթութիւնները

March 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Բայց այդ աւարտը լոկ ռազմավարական ճշգրտումներու աւարտ էր եւ սկիզբ` մարտավարական ծրագրաւորումի, աշխատանքի, իրագործումներու եւ մեր ազգին ու հայրենիքին կրած պարտութիւններուն շղթան շրջելու եւ զայն յաղթանակներու շղթայով փոխարինելու յոյս:

Այդ սկիզբն է, որ կրնայ իմաստաւորել որեւէ ժողովի մը աւարտը, իսկ այդ իմաստաւորումը համադաշնակցական պարտաւորութիւն է, որ կրնայ դրսեւորուիլ կազմակերպական կուռ կառուցուածքի, անհրաժեշտ միջոցներու ապահովումի եւ արմատներէն եկած սկզբունքներով զինուած` ժամանակակից միտքով դէպի ապագայ նայելու վճռակամութեամբ:

Առաջին այս յօդուածով թուենք այսօրուան ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն շարքը, ապա յաջորդական յօդուածներով պիտի անդրադառնանք իւրաքանչիւրին մարտավարական պահանջներուն: Բնականաբար ռազմավարական առաջնահերթութիւններ ճշդելու տրամաբանութիւնը պիտի բխի մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն ու անցեալի սխալները առարկայականօրէն արժեւորելու ունակութենէն:

– Արցախի բռնագրաւումը, հայաթափումը եւ արցախահայութեան նկատմամբ իրագործուած ցեղասպանութիւնը առաջնահերթութիւն կը դարձնեն Հայաստանի մէջ արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը:

– Արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը անպայմանօրէն պիտի ունենայ հաւաքական երաշխաւորուած վերադարձի հեռանկար ու նպատակ:

– Արցախահայութեան հաւաքական կեցութիւնը եւ երաշխաւորուած վերադարձի իրաւունքի հետապնդումը միայն մէկ մասնիկ են Արցախի ազատագրման սեւեռակէտին:

– Արցախի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան մէջ իրենց անուրանալի աւանդը ունեցած` գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու այլ գերիներու կեղծ դատավարութիւնը լոկ անձերու նկատմամբ ի գործ դրուած ոտնակոխում չէ, այլ` ազատ ապրելու կամքն ու վճիռը հարուածելու լկտի փորձ:

– Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդումը խիստ կարեւոր երաշխիք է` պարտութիւններու շղթան կասեցնելու եւ ապագայ պարտութիւններ կանխելու:

– Հայաստանի հողային ամբողջականութեան վերականգնումը հայոց պետականութեան պահպանման ու հզօրացման առաջին հրամայականն է:

– Հայաստանն ու Արցախը տարածաշրջանային դերակատար դարձնելու նպատակի իրագործումը կարելի չէ հակազգային մտայնութեամբ: Ազգային գաղափարախօսութեան ու արժէքներու պաշտպանութիւնը անհրաժեշտ հրամայական է հայկական արեւելում ունեցող ազդու քաղաքականութեան համար:

– Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը կիսատ ու անբովանդակ կը դառնայ, եթէ սփիւռքը չդիտուի իբրեւ ռազմավարական լծակ ու գործակից: Անհրաժեշտ է ամրապնդել սփիւռքի ոչ ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութիւնն ու ներուժը:

– Հայկական ազգային արեւելումը չի կրնար մեզ առաջնորդել միջազգային քաղաքական մեկուսացման: Այդ արեւելումի թելադրանքը այն է, որ դերակատար երկիրներու հետ պէտք է յարաբերութիւնները խորացնել` ազգային մեր շահերուն ու նպատակներուն հետ համընկնելու չափով:

Ահա այն առաջնահերթութիւնները, որոնք պէտք է հունաւորեն մեր ճամբան, եւ որոնք կը կարծենք, թէ կրնան համախմբել ազգային գաղափարախօսութեամբ գործող ու կեղծ արեւելումի օրակարգով չառաջնորդուող հայրենիքի ու սփիւռքի բոլոր ուժերը:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Դա՞տ… Ոչ, Թատրո՛ն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Պարտութեան Մատնեց Պոսթընը` 118-112

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.