Այո՛, այսպէս կարելի է բնութագրել Պաքուի մէջ ընթացող միակողմանի եւ շինծու դատավարութիւնը, որուն մէջ բացայայտօրէն մեծ դեր ունին 19 Բաղրամեան պողոտայի Ազգային ժողովի ղեկավարները` առանց մոռնալու իրենց գործատէրը…
ՔՊ-ականները կը յամառին ձեռնածալ մնալ եւ պատրաստ չեն պաշտպանելու Պաքուի մէջ ստորնացումի ենթարկուող հայորդիները, որոնց հետ կը վարկաբեկուին Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը: Վարչապետ Փաշինեան իր «խաղաղութեան խաչմերուկ» անհեթեթի թատրոնին մէջ գրեթէ մոռցած է Արցախն ու արցախահայութիւնը: Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան իր անտրամաբանական եւ անխոհեմ արտայայտութիւններով կը մեղադրէ արցախցին, թէ` պէտք էր մնային ու կռուէին, պայքարէին: Ամիսներու պաշարումն ու դիմադրութիւնը դուրս ինկած են այս թքնողի յիշողութենէն: Ան մինչեւ իսկ հետեւողական չէ իր վերաբերմունքին մէջ: Օր մը կ՛ըսէ, թէ Պաքու գտնուողները իրեն համար գոյութիւն չունին, հիմա ալ կ՛աշխատի համոզել, թէ իրենք աշխատանք կը տանին, սակայն չեն ուզեր առնել քայլեր, որոնք կրնան վնաս հասցնել գործին: Արդեօք Պաքու այս թատրոնը սարքելու ատեն ՔՊ-ապետին ու «քալողներուն» կարծիքը առա՞ծ է, կամ` թելադրա՞ծ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, ինչ` չընեն…
Միակ յիշատակելին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի անվճռական եւ քիչ մըն ալ հպանցիկ յայտարարութիւններն էին Ժընեւի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նիստին եւ ապազինման համաժողովի բարձր ամպիոնէն:
Ան յայտնեց, որ Պաքուի մէջ կ՛ընթանան կամայականօրէն ազատազրկուած 23 հայերու կեղծ դատավարութիւններ, որոնք դատական պատշաճ ձեւով չեն ընթանար, յստակօրէն կ՛անտեսուին մարդկային իրաւանց կենսական չափանիշները:
Յետո՞յ. բուռն քննադատութեան փոխարէն` Միրզոյեան կրկին թմբկահարեց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման «վարկած»-ը` խոր համոզում յայտնելով, որ ներգրաւուածութիւնը եւ քաղաքական կամքի դրսեւորումը մեծապէս պիտի նպաստեն տարածաշրջանին մէջ բանալու նոր էջ մը, նոր դարաշրջան մը: Քիչ մըն ալ լափալիսեան նշումներով շեշտեց, որ աշխարհը կը շարունակէ թատերաբեմ մնալ ահաւոր հակամարտութիւններու, բռնի ու սարսափելի տեղահանութիւններու եւ հիմնական իրաւունքներու խախտումներու, հետեւաբար ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յենասիւնը ամրապնդելու հրամայականը շատ աւելի այժմէական դարձած է:
Յետո՞յ Միրզոյեան քիչ մըն ալ աւելի հեռանալով Պաքուի դատարանին մէջ ստեղծուած ողբերգակատակերգութենէն` եզրակացուց, որ Հայաստան պատրաստ է դարձնելու թշնամանքի էջը` խաղաղութեան հասնելու համար: Հուսկ, «Մենք ոչ միայն պատրաստ ենք շարունակելու խաղաղութեան ուղին, այլեւ պիտի չշեղինք անկէ»: Եւ ասկէ դժուար չէ հետեւցնել, որ ան Ազրպէյճանի կ՛ըսէ. «Դուն ի՛նչ կ՛ուզես` ըրէ, մենք խաղաղութեան մեներգը պիտի երգենք դատարկ սրահներու մէջ»:
Իրական գետնի վրայ թատերական դատը կը շարունակուի Պաքուի մէջ: Ազերիները կը շարունակեն իրենց սուտ ու փուտ տեղեկութիւններով ափ-աշքարա ապատեղեկատուութիւն տարածել: Պաքու մինչեւ իսկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակ նետեց, թէ` տեղւոյն մարդու իրաւունքներու պաշտպան ներկայացուցիչը մէկ առ մէկ հանդիպում ունեցած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն հետ, հաստատելով, որ անոնք խտրականութեան կամ վատ վերաբերմունքի չեն արժանանար, թէ` բժշկական օգնութենէ չեն զրկուած, իսկ ամէնէն ծիծաղելին` իրենց կեցութեան պայմաններէն գոհ են:
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններուն կողմէ անտեսուած եւ մինչեւ իսկ հետապնդումի ենթարկուղ արցախցիները, ներառեալ` ղեկավարները, արդեօք չե՞ն մտածեր նման հոգածութիւն վայելելու ընտրանքով…
Մինչդեռ հաստատապէս փաստուած է, որ հացադուլի դիմած Ռուբէն Վարդանեան խոշտանգումներու ենթարկուած էր: Լուսանկարին մէջ ակնյայտ էր, որ ան վէրքեր ստացած է: Լուրեր կը սպրդին նաեւ այլ պատանդներու դէմ բռնամիջոցներու կիրարկման մասին:
Երբ հայրենի իշխանական դասը ձեռնածալ կը մնայ, զարմանալի չէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ խնդրայարոյց պատասխանը` իբրեւ արձագանգ կալանաւորները անյապաղ ազատ արձակելու ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի յայտարարութեան: Ըստ Պաքուի բանբերին, արդարութեան հասնելու համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել պատերազմական յանցագործութիւններու, ցեղային զտումներու, խոշտանգումներու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու համար մեղադրուողները կամ դատապարտուողները…
Պատասխանը չեկաւ 19 Բաղրամեան պողոտայէն, այլ` Պաքուի նո՛յն միակողմանի դատարանէն, ուր Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարը` զօրավար Լեւոն Մնացականեան, արիաբա՛ր հաստատեց իր մասնակցութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին եւ շեշտեց. «Հոն, ուր ես չեմ մասնակցած, եթէ անհրաժեշտութիւնը ըլլար, կը մասնակցէի»:
Պաշտօնական Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ ուղղակի եւ անուղղակի կերպով բեմադրուող այս խեղկատակութեան դիմաց, մեր ժողովուրդը չէ քնացած: Ան կ՛աշխատի գերեվարուած պատանդներուն դատը հասցնել միջազգային ականջներ: Ընդդիմադիր ճակատը, իր կարգին, ճիգ կ՛ընէ այս հարցը պետական քաղաքականութեան օրակարգին վրայ դնելու, սակայն մէյ մը «մոռցէք», ուրիշ օր «կ՛աշխատինք» ըսող ՔՊ-ականները միաձայնութեամբ կը խափանեն նման փորձեր` առարկելով, որ նման քայլեր վնաս պիտի հասցնեն պատանդներու դատին:
Մէկ բան յստակ է սակայն. ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԸ կարելի չէ ընդմիշտ լռութեան մատնել: