Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փարոս» Պարբերաթերթը Լոյս Ընծայեց Գէորգ Պ. Յակոբեանի Պատմական Զոյգ Հատորները. Հայոց Կրթական Հաստատութիւններու Պատմութիւն` Օսմանեան Գաւառներու Մէջ

Մարտ 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այս օրերուն, շնորհիւ «Փարոս» պարբերաթերթի խմբագրութեան, հայ գրական աշխարհը կը ճոխանայ բանասիրական նոր գիրքերու ծնունդով:

Գիրքերուն հեղինակն է Գէորգ Պ. Յակոբեան, որ «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ իր նախկին հատորէն ետք, այս անգամ ալ ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ «Օսմանեան գաւառներու մէջ կրթական հաստատութիւններու պատմութիւն» ուսումնասիրութեան զոյգ հատորները:

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ գիրքը կը բովանդակէ պատմական Պոլիս քաղաքի վարչական սահմաններուն մէջ աւելի քան երկու դարերու ընթացքին գոյութիւն ունեցած 170 հայ վարժարաններու պատմութիւնը:

Իսկ ներկայիս լոյս ընծայուած այս զոյգ հատորներուն մէջ կը պատմուի, որ նախքան Ցեղասպանութիւնը` Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ կը գործէին մօտաւորապէս 1000 հայկական կրթական հաստատութիւններ եւ որբանոցներ, որոնց մէջ կ՛ուսանէին շուրջ 120 հազար երկսեռ աշակերտներ` 5000-ի հասնող ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներով:

Այս վարժարաններէն ոմանք «համբաւաւոր» կոչումին արժանացած էին, ոմանք ալ համեստ հաստատութիւններ էին, որոնք ուսում կը ջամբէին նոյնիսկ գիւղերու մէջ` հայապահպանման տեսակէտէ կարեւոր դեր կատարելով:

Ինչպէս ծանօթ է, Օսմանեան կայսրութիւնը անցեալ դարասկիզբին կը բաղկանար 32 կուսակալութենէ եւ գաւառներէ, որուն հողերը տարածուած էին Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ:

ԺԹ. դարու վերջին քառորդէն սկսեալ Օսմանեան կայսրութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան կորսնցուց հսկայ հողամասեր: Իսկ 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր այժմու սահմաններուն մէջ հազիւ կրցաւ պահել օսմանեան 16 նահանգ եւ գաւառներուն մէկ մասը:

Հեղինակը յիշեալ աշխատասիրութիւնը դասաւորած է` նկատի առնելով Թուրքիոյ ներկայ պետական ընդհանուր սահմանային տարածութեան մէջ 1915-ի դրութեամբ գոյութիւն ունեցած հայ վարժարաններու պատմութիւնը, որ կը բովանդակէ տեղագրական, կրօնական, կրթական, համայնքային, ընկերային, հասարակական ու պատմական տեղեկութիւններ:

Նկատի առնելով գործին ծաւալը` հեղինակը որոշած է իր ուսումնասիրութիւնները ամփոփել չորս հատորներու մէջ:

Ներկայ Ա. եւ Բ. հատորներու մէջ տեղադրուած են եօթը կուսակալութիւն (Vilayet), մէկ կառավարչութիւն (Mutasarrıflık), եւ երկու գաւառապետութիւն (Sancak), որոնք են`

1.- Ատրիանապոլսոյ կամ Էտիրնէի կուսակալութիւն,
2.- Նիկոմիդիոյ կամ Իզմիթ գաւառի կառավարչութիւն,
3.- Խիւտավէնտիկեար կամ Պուրսայի կուսակալութիւն,
4.- Գասթամոնուի կամ Գասթամպոլի կուսակալութիւն,
5.- Այտընի կամ Զմիւռնիոյ կուսակալութիւն,
6.-  Էնկիւրիի կամ Անգարայի կուսակալութիւն եւ իրեն ենթակայ`
– Եոզկատի գաւառապետութիւն,
– Կեսարիոյ գաւառապետութիւն,
7.- Գոնիայի կուսակալութիւն,
8.-  Ատանայի կուսակալութիւն:

Այս երկու հատորներուն ընդգրկած աշխարհագրութեան մէջ, ըստ օսմանեան եւ հայոց ազգային պատրիարքարանի տուեալներու, 1915-ի դրութեամբ, 316 բնակավայրերու մէջ կ(ապրէին 512 հազար հայեր: Այս շրջաններուն մէջ կը գործէին 416 առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններուն պատկանող հայկանան եկեղեցիներ, 547 մանկապարտէզ, տարրական, միջնակարգ, բարձրագոյն, ցերեկային եւ գիշերօթիկ, անձնական, երկսեռ հայկական վարժարաններ: Այս ուսումնական հաստատութիւններու մէջ կ՛ուսանէին 48.564 երկսեռ աշակերտներ, կը գործէին 1237 ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիներ:

Իր այս աշխատասիրութեան ընթացքին հեղինակը օգտագործած է` մօտաւորապէս 600 հայերէն, թրքերէն եւ օտարալեզու գիրքեր, ամսագրեր, թերթեր, տարեգիրքեր, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի տպագիր տեղեկագիրները, պատրիարքարանի Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ատենագրութիւններու արձանագրութիւնները, օսմանեան կրթութեան տարեգիրքերը (Salname), օսմանեան բնակչութեան տուեալները:

Օգտագործած է Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւային փաստաթուղթերը` ի յայտ բերելով բազմաթիւ տեղեկութիւններ, նաեւ` արխիւային տուեալներ:

Այս բոլոր աղբիւրները նշուած են զոյգ գիրքերուն մէջ` որպէս ծանօթագրութիւն:

Գիրքերէն Ա. հատորը կը բաղկանայ 512, իսկ Բ. հատորը` 546 էջերէ:

Գիրքերու հրատարակութիւնը ապահոված է Պոլսոյ «Փարոս» ամսաթերթի խմբագրապետ Մայտա Սարիս:

Տպագրութեան մեկենաս հանդիսացած է Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը` ատենապետութեամբ Սարգիս Չէթինգայայի:

Հրատարակութեան պատրաստութեան ծախսերուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին Հայագիտական ուսմանց ծրագրի կեդրոնը:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Յաջորդը

Համաճարակէն Հինգ Տարի Ետք. «Քորոնա»-ն Ինչպէ՞ս Փոխած Է Մեր Աշխարհը

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?