ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
ԱԲ-ը Սպառնալի՞ք, թէ՞ հնարաւորութիւն
Կարելի է՞ պատկերացնել, որ մարդու կողմէ ստեղծուած ԱԲ-ը, ծրագրուած հմտութիւններու կարողութիւններով, ներկայիս ընկալուած ըլլայ թէ՛ հնարաւորութիւններու եւ թէ՛ սպառնալիքներու դրսեւորում մը: ԱԲ-ի արագընթաց ուռճացումը, աննախադէպ նուաճումները, գիտական ու ակադեմական մտաւորականութեան մէջ յառաջացուցած են տարակարծիք երեք դատումներ, որոնք կարելի է ներկայացնել`
Ա) Լաւատեսներ, որոնք կը հաւատան, որ թուային արհեստագիտութեան հոլովոյթը մարդկային քաղաքակրթութեան բնաշրջութեան (evolution) հերթական փուլն է, այդ փուլը կարելի է միայն դրական արդիւնքներով գնահատել, օրինակ` ԱԲ-ի շնորհիւ մարդիկ կը կարողանան օգտուիլ որեւէ գիտելիքի շատ յարմար եւ ընկալելի հսկայ շտեմարաններէն, այսինքն կարիքը չկայ պրպտումներու, պեղումներու ճիգեր թափելու, տաղտկալի աշխատանքի ու մտատանջութեան անհամեմատելի կրճատում է, մեծաքանակ տուեալներու կայծակնային ու անսխալ ներմուծում, մշակում, վերլուծում, բժշկութեան եւ առողջապահութեան անվրէպ ախտորոշում, դեղամիջոցներու բծախնդիր կիրարկում եւ այլ լիարժեք ու արդիւնաւէտ համակարգերու օգտագուծում: Այս խմբակի համար ԱԲ-ը մարդկութեան համար կը խոստանայ յաջորդ հրաշագործ դարաշրջան մը:
Բ) Զգուշացողներ, որոնց համար թէեւ առկայ են որոշակի վտանգներ, սակայն անոնք ներկայ արհեստագիտութեան պայմաններուն մէջ գերիշխող չեն, տիրապետելի եւ վերահսկելի են, ուստի առայժմ մտահոգուելու կարիքը չկայ, սակայն պէտք է մնալ զգօն:
Գ) Յոռետեսներ կ՛ահազանգեն, անոնց համար ԱԲ-ի շրջափոխումները մարդկային քաղաքակրթութեան ուղղուած մարտակոչեր են, յաջորդ տասնամեակին անսպասելի ու անգուշակելի անորոշութեամբ` ընկերային, տնտեսական եւ այլ վտանգներ ու սպառնալիքներ կը նախատեսուին, մարդկային արժեհամակարգի հետ ունեցող հակազդեցութիւններ եւ փորձանքներ կարելի է կռահել, որոնք կը շարունակեն մնալ անկանխատեսելի, հաւանական բացասական դրսեւորումներով: Մարդու վերահսկողութենէն դուրս գալու պարագային, մարդկութիւնը կրնայ թուային «ստրկութեան», թուային «գաղութացումի» եւ թուային «ամբողջատիրութեան» վտանգներ դիմագրաւել: ԱԲ-ը օգտագործելով մարդոց մօտ կը ձեւաւորուին ընկերային, կենցաղային, յարաբերական կողմնորոշումներ, համոզումներ, վարքագիծեր, որոնք աստիճանաբար տիրապետող ողբերգութիւններ կը դառնան հասարակութեան մէջ` կործանելով մարդկային հազարամեակներու քաղաքակրթութիւնը: Այս խմբակին համար հիմնական մտավախութիւնը` միջուկային զէնք ունենալը, կամ միջուկային զէնք արտադրող պետութիւնները չեն, ինչպէս կը կարծուէր անցեալին, այլ սաստող վտանգին` յառաջադէմ ԱԲ-ի կեդրոններու իսկական սպառնալիքն է, որուն դէմ պէտք է պաշտպանուիլ:
ԱԲ-ը իր բազմաշերտ թուայնացած բովանդակային պարունակով մեզ կը պարտաւորեցնէ, կը վերափոխէ մեր մարդկային կենսակերպն ու աշխարհընկալումը, աշխատակարգը եւ գործելաոճը` դուրս գալով աւանդական արհեստագիտութեան նախատիպերու վաղաժամութենէն, լիարժէք ձեւով օգտագործելու ընձեռած անսահման հնաւորութիւնները, կենսաւորելու մեր ապրելակերպի ու աշխատելակերպի հրամայականը:
Պէտք է իմանալ նաեւ, որ միայն մասնագիտական պատրաստուածութիւնը, գիտելիքներն ու փորձառութիւնը բաւարար չեն այսօր, մենք անմիջական կարիքը ունինք ԱԲ-ի` թուայնացած արհեստագիտութիւններով, գիտակից ունակութիւններով կենսագործելու մեր առօրեան, անոնք կը հանդիսանան մեր կեանքի համակողմանի ոլորտներու աշխատանքային գործիքները, մրցակցութիւնը արագացնող շարժակները (catalyst): Բնական կը դառնայ նաեւ, որ այդ գործիքները օր մը ընկալուին մեր թելադրիչ խորհրդատուները, ուղեկից գործընկերները, պահ մը չափազանցուած մտաթռիչքով մը կարելի՞ է մտածել, որ ԱԲ-ով բանող ռոպոթները օր մը կրնան ընկալուիլ իբրեւ հնարամիտ քաղաքացիներ:
ԱԲ-ը դասարանային պատերու ընկալումէն անդին
Այսօր նոր սերունդը կ՛ապրի հաղորդակցութեան արդի արհեստագիտութեան օգտագործումով, հասակ կ՛առնէ թուային եւ ԱԲ-ով ներծծուած մշակոյթի մը միջավայրի մէջ: Կասկածէ վեր է, որ այդ արհեստագիտութիւնները իրենց ներգործութիւնը չունենան մանկավարժական, դասաւանդութեան եւ ուսումնակրթական մեթոտներու վրայ` գիտելիք մատուցելու ընթացքին, կրթութիւն աւանդելու եղանակներուն վրայ: Առաջին հերթին ԱԲ-ի օգտագործումը պէտք է հիմնաւորուած եւ ուղղուած ըլլայ քննաճանաչողական, բանաքննական մտածողութեան խթանումով:
Այս պարագային դպրոցներու, համալսարաններու եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններու, նոյնիսկ հոգեւոր կրթութեան կոչուած կառոյցներու ուսանողներուն հիմնական է աջակցիլ եւ առիթներ ընծայել` հաշուի առնելով թուային արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ առարկայական օգտագործումի հաւաստի ու ճշգրիտ հնարաւորութիւնները, ընկերային եւ բարոյագիտական հայեցակէտերու (aspect) հիմնաւորումը:
Հոս հայ ուսումնակրթական կառոյցներու հետ առնչուող հիմնական հարցադրումներ կը յառաջանան, անոնցմէ օրինակներ կարելի է յիշել.
– Հաղորդակցութեան, թուային եւ ԱԲ-ի արդի արհեստագիտութեանց հնարքներու կողքին յայտնուող տագնապներու, ընկերային մարտահրաւէրներու եւ ախտաճանաչումներու մասին արդեօք մենք հետամո՞ւտ ենք, բծախնդրութեամբ կը հետեւի՞նք ԱԲ-ի զարգացումներուն, ի՞նչ կը մտադրենք այս ուղղութեամբ:
– Ունի՞նք հայեցակարգային մօտեցումներ, ձեւակերպուած հեռանկարներ, նախապատրաստա՞ծ ենք ԱԲ-ի եւ զանազան բնագաւառներու մէջ թուային արհեստագիտութիւններու հետ համապատասխան ռազմավարութիւն մը, գործելաոճ մը առաջարկելու, ընդունելու:
– Արդեօք իրենց բազմազանութեամբ սփիւռքահայ ուսումնակրթական կառոյցները թուային ապագան դիմաւորելու ենթակառոյցներ նախապատրաստա՞ծ են, եւ` ինչպիսի՞ ռազմավարութեամբ, ի՞նչ ծրագիրներով, ինչպիսի՞ գործիքակազմերով:
– Զուգահեռաբար նախորդ հարցումներուն, ծրագրա՞ծ ենք կամ պատրաստա՞ծ ենք ԱԲ-ի անհրաժեշտ գիտելիքներու եւ վերապատրաստման ծրագիրներ:
– Յատկապէս նախատեսա՞ծ ենք, աւելի ճիշդը` սկսա՞ծ ենք այդ ուղղութեամբ հմտութիւններով օժտուած հասու եւ արհեստավարժ բաւարար մարդուժ պատրաստել:
– Ձեռնարկա՞ծ ենք, կազմակերպա՞ծ ենք թուային արհեստագիտութիւններու մշտատեւ դաստիարակչական դասընթացքներ:
– Ծրագրա՞ծ ենք ԱԲ-ի նուիրուած հիմնախնդիրներու ճանաչողական եւ կողմնորոշումի, տարբեր բնոյթի մարտահրաւէրներու մասնագիտացած կլոր սեղաններ:
– Կանխագծա՞ծ ենք բաց ու թափանցիկ քննարկումներ իրականացնել, մանաւանդ` նախագծա՞ծ ենք վերապատրաստութեան շարունակական խորհրդաժողովներ, լսարաններ, լուսաբանական հանդիպումներ:
– Յարմար պիւտճէ մը նախատեսա՞ծ ենք մեր ենթակառոյցներու վերապատրասատման եւ ԱԲ-ի հետ առնչուող յիշեալ ծրագիրները իրականացնելու համար:
Արտասովոր հարցադրումներ չեն յիշուածները, ամէն յանձնառու հայ կրթական կառոյցի պատասխանատուներու եւ կրթական բնագաւառի վերահսկող մարմիններու գերխնդիրն է, առաջնահերթութիւնն է պատրաստել ապագայի «ԲԱՆԱԿԱՆ, կատարելատիպ հայ մարդ»-ը, որպէսզի յաջորդ սերունդները չվերածուին խորթ ու անտարբեր թուային թափթփուքներու, չսուզուին «արհեստականացած» յորձանուտին մէջ:
Գիտական եւ ուսումնակրթական ասպարէզի մէջ չորս տասնամեակներու համեստ փորձառութենէս մղուած` կրնամ հաստատել, որ արհեստագիտութիւններու ձեւափոխուող աշխարհին մէջ ուսումնակրթական ասպարէզէն ներս խիստ էական ու պահանջելի է բոլոր տարիքներու եւ յատկապէս երիտասարդ կրթական մշակներու մշտատեւ վերապատրաստութիւնը: Անհնար է ինքնաբաւ ռազմավարութեամբ կամ ինքնակեդրոն ու աւանդական կրթական գործելակերպով գործելը ու մրցակցիլը, եւ մանաւանդ կայուն զարգացում ապահովելը:
(Շար. 3)