Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցկեանս Երախտապարտ Եմ

March 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նուիրուած` Մարինա Աբրահամեանին,
Խելքիս ակօսներուն մէջ խոր,
Գետնափոր,
Վաղուց արմատացած են արդէն հետս բաժնեկցած` ձեր գիտելիքները թանկարժէք:

Սրտիս սենեակներուն մէջ թաքուն`
Ներաշխարհիս մէջ հոսուն
Տակաւին ես կը յիշեմ ու կը կարդամ հեզասահ
Զոհրապի մահը գերագոյն:
Սիամանթոյ-ի «Պարը» դիւցազներգակ,
Նկուղին մէջ արտասուող մայրերուն «Խեղդամահը» թշուառ:
Ակնայ յիշատակին նուիրուած «Ափ մը մոխիր»-ը
Վահագն Դաւթեանի «Ռեքուիեմ»-ը եւ «Հաւատում եմ քեզ»-ը:
1878-ի Պերլինի վեհաժողովը,
Խրիմեան Հայրիկին «Երկաթէ շերեփը»,
Րաֆֆիի «Խենթը», «Ջալալէտտինը», «Դաւիթ բէկ»-ն ու Ֆաթալի խանը եւ անպայման «Խաչագողի յիշատակարանը»:
Վախթանգ Անանեանի «Յովազաձորի գերիները»,
Օշականին «Թիւրքմէնին աղջիկը»,
Դուրեանին «Լճակը» եւ անոր թոքախտի պայքարը ամեհի:
Զարեանին «Տատրագոմի հարս»-ը,
Սանանին տողերը վերջին…
«Ես սիրեցի, Մե՞ղք էր սիրել»,
Կարօ Փօլատեանին «Արեւելքի տղաքը»,
Նաեւ բարոյապէս ինկած, սնամէջ կիրքերու գերի դարձած սփիւռքահայութեան կեանքը` Փարիզ – Կրակէ Շապիկին մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած` Վրէժին դիտանկիւնէն:
Ինչպէս նաեւ`
Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ը եւ առաւել` «Անունդ» քերթուածը:
Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-ը փառաւոր… Դասարանային քննարկումները, վերլուծումները, որոնք շատ յաճախ կը վերածուէին ընկերային վէճերու:
Տակաւին կը յիշեմ
Համամարդկային ցաւերու երգիչն ու «Բանուորուհին»:
Աւետիս Ահարոնեանի «Ղէղօյի արտը»:
Առեղծուածային, սիրային, տիեզերական փիլիսոփայութիւն` «Լռութիւնը»
Օգոստոս տասը, 1920, «Սեւրի դաշնագիրը»,
Մեծարենցի մեղմ ու շիկնոտ խառնուածքը, անոր բնութեան հետ նոյնացած նորափթիթ հոգին:

Շարադրութեան մեր պահերը եւ դասընկերներուս մռայլութիւնը եւ արտառոց ձայները, որոնք շատ յաճախ պատճառ կը հանդիսանային, որ լքեմ դասարանը ու նստիմ շրջափակի ծառերուն շուքին` չկորսնցնելու համար մտքերուս հորիզոնը եւ յուզումներուս անծայրածիր յորդումը:

Ընդմիշտ կը մտաբերեմ հայերէնի քաղցր ու անվերադարձ պահերը,
«Դիւրին հայերէն»-ի կանաչ ու կապոյտ քերականութեան դասագիրքը.
Ածական, մակբայ, թուական, ուղղակի եւ անուղղակի խնդիրները եւ անպայման` բարդ բառերը:
«Ձորի Միրօ»-ն եւ «Մարութայ սարի ամպերը»,
100-ամեակի նուիրուած գեղարուեստական յայտագիրը,
«Կեաւուրի լակոտը»
2016-ի «Խաչիկ Պապիկեան» ասմունքի մրցանքը եւ անշուշտ` Պարոյր Սեւակի «Անկեղծ ասած»-ը:

Աւետիս Ահարոնեան նշած է իր «Լռութիւն» վիպակին մէջ, թէ «Հոգիները ծովեր են, որոնց յատակը արեւի շող երբեք չի լուսաւորում»,
Բայց ձեր վառած ուսման ու գիտութեան կանթեղը տակաւին կը ցոլայ իր ոսկեայ ճաճանչներով:
Ձեր աշխատանքի իւրայատուկ հետքերը յաւերժօրէն դրոշմուած են ընդերքիս մէջ ծածուկ`
Սրտիս բազմաթիւ սենեակներուն մէջ վարդագոյն,
Արեանս մէջ բոսոր,
Հոգիիս անհուն ծովերուն մէջ կապոյտ:

Ցկեանս երախտապարտ եմ:

Բարի եւ ուրախ Ուսուցչաց Տօն
Վարձքերնիդ կատար:

Ձեզ ընդմիշտ սիրող`
ՇԱՂԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեանին Կինը Կը Խօսի Իր Ամուսինին Առողջական Վիճակին Եւ Անոր Հետ Կապ Հաստատելու Դժուարութեան Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.