Վերջերս տեղի ունեցած «Այրոֆլոթ 2025» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի մարզիկները ձեռք ձգեցին լաւ արդիւնքներ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Արամ Յակոբեան լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց` կարելի 9 կէտերէն 6-ը հաւաքելով: 5,5 կէտ հաւաքեց Մամիկոն Ղարիպեան, իսկ 5-ական կէտեր ձեռք ձգեցին Մանուէլ Պետրոսեան ու Վահէ Սուքիասեան: 4,5 կէտ հաւաքեցին Արսէն Դաւթեան ու Ռուտոլֆ Փաշիկեան: Հայկ Մարտիրոսեան միայն 3,5 կէտ ձեռք ձգեց:
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ ռուս Եան Նեփոմնիաշչին, որ 7 կէտ հաւաքեց: