«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն Լաթաքիոյ արուարձաններուն մէջ զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենային երկրի ապահովական ուժերուն եւ ծովափի շրջանի զինեալներու միջեւ, այդ պատճառով ալ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան:
«Գանձասար»-ի թղթակիցը յայտնեց, որ նախանցեալ օր բախումները հասան քաղաքի ծայրամասերն ու կեդրոնը: Իրավիճակը կը մնայ լարուած: Լաթաքիա-Թարթուս ճամբան փակուած է:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցին փակ պիտի պահէ իր դռները: Ազգային Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ դպրոցը փակ պիտի մնայ:
Ժողովուրդին թելադրուեցաւ դուրս չգալ բնակարաններէն` մինչեւ կացութեան հանդարտիլը:
Ծովափի շրջանի կառավարական ապահովական ուժերը Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ պարետային ժամ յայտարարեցին: