ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Ձեզի համար արդարութեան սերմեր ցանեցէ՛ք
եւ կենաց պտուղ քաղեցէ՛ք.
վառեցէ՛ք ձեզի համար գիտութեան լոյսը,
փնտռեցէ՛ք Տիրոջը,
մինչեւ որ արդարութեան պտուղները հասնին ձեզի»
Ովսէէի մարգարէութիւն 10:12
Սերմնացանը իր արտին մէջ ցորենը ցանելէ ետք, անձրեւին, արեւին եւ ամիսներ յետոյ կը սպասէ իր ցանքին պտուղը վայելելու: Մենք ալ` հողածին արարածներս, երբ գործ մը կատարենք (չար կամ բարի), անպայման կը սպասենք, որ իր պտուղը տայ: Բայց քրիստոնեան ի՛նչ տեսակ գործի պէտք է ձեռնարկէ, որպէսզի Աստուծոյ համար հաճելի ըլլայ. վստահաբար բարի սերմեր ցանելու, բարեգործութիւն կատարելու` Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեան արժանանալու համար:
Այս խոհերն ու գաղափարները պահ մը անջատեցին զիս այս անցաւոր ու երկրային կեանքէն, եւ մտքիս հորիզոնը ուղղուեցաւ դէպի անդենական, երկնային օթեւաններու մէջ հանգչող բարի ու խոնարհ հոգեւորականի մը հետ ընդհատուած զրոյց մը ամբողջացնելու, յանձին` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան, Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին հետ, որ զոհ դարձաւ անարգ ոճիրի մը` խոր սուգի մատնելով կաթողիկոսարանը, Լիբանանի թեմն ու իր հարազատները: Կեանքով եռուն եւ աշխատանքով բերրի հայր սուրբին կեանքը կը նմանցնեմ սերմնացանի առակին, որ ամէնուրեք բարի սերմեր ցանեց բարի պտուղներ քաղելու միտումով:
Այս մահախօսականով կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել իր համեմատաբար կարճ (քսան տարի) հոգեւորականի հարուստ վաստակն ու մարդկային արժէքները:
Առաջին Ծանօթութիւնս
Հայր Անանիան (աւազանի անունով` Անդրանիկ) Աստուծոյ տաճարին իր առաջին ծառայութեան քայլերը կատարած է Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Այդ օրերէն կը յիշեմ իր վառվռուն աչքերն ու պատանեկան տաքարիւն շարժումները եկեղեցւոյ կամարներուն տակ: Ասոր վառ ապացոյցը Աստուծոյ հանդէպ իր սէրն էր, որ արտացոլացուց միանալով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին (1995-ին), ուխտեց ծառայելու Աստուծոյ, Հայց. եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին եւ արժանացաւ աբեղայական ձեռնադրութեան (2004-ին):
Հոգեւոր Ծառայութիւն
Այնուհետեւ հայր սուրբին հոգեւոր ծառայութեան մեկնարկը կը կատարուի Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ, ուր ստանձնեց Ուրմիոյ հայ գաղութին հոգեւոր հովուութիւնը: Ապա` Սպահանի հայոց թեմին մէջ, ուր ստանձնեց Շահինշարի հոգեւոր տեսչութիւնը: Վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացաւ 2010-ին, երբ աւարտաճառ ներկայացուց «Հայ դատը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը» նիւթը: Իսկ 2016-ին ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացաւ` իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով «Սահակ Բ. կաթողիկոսի նամակները»:
Հայր Սուրբը` Պէյրութի Քարոզիչ
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի օրերուն, հայր Անանիան 2018-ին Պէյրութի քարոզիչ եւ Լիբանանի առաջնորդի օգնական նշանակուեցաւ: Ան անմիջապէս լծուեցաւ հոգեւոր աշխատանքի եւ երիտասարդութիւնը Աստուծոյ տաճարին մօտեցնելու նուիրական առաքելութեան: Շուտով հայր սուրբին շուրջ համախմբուեցան կամաւոր երիտասարդներ, որոնք նուիրուեցան կարիքաւորին օժանդակելու եւ «Հայ եութ» առաջնորդարանի երիտասարդական յանձնախումբին սատար հանդիսանալու: Ասոր առընթեր, հայր սուրբին մատուցած պատարագներն ու ոգեշնչող քարոզները հարստացուցին հաւատացեալներուն հոգեւոր պաշարը: Յիրաւի երկու տարուան ժամանակաշրջանը արգասաբեր դարձաւ Պէյրութի շրջանի հաւատացեալներու եւ երիտասարդներու կեանքին մէջ:
Հայր Սուրբը` Պեքայի Հոգեւոր Տեսուչ
2020-ին հայր սուրբին ծառայական կեանքը կը փոխադրուի Զահլէ եւ Այնճար, ուր կը նշանակուի հոգեւոր տեսուչ` շրջանին մէջ արտասովոր խանդավառութիւն, հոգեւոր կեանքի զարթնում ու եկեղեցւոյ հանդէպ հետաքրքրութիւն ու մօտեցում ստեղծելով: Ան խոր հաւատք ունէր Աստուածաշունչին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններու լսարանի շարք մը հաստատեց Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ «Քալենք Աստուծոյ ճամբով» խորագրեալ` հայ հաւատացեալը հաղորդ դարձնելով աստուածային ճշմարտութիւններուն: Ասոր կողքին, որքա՜ն հոգեգրաւ էր տեսնել, երբ մանուկներ ու պատանիներ, համախմբուած Հայ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, հայր Անանիային առաջնորդութեամբ, մաս կազմեցին «Յոյսի բանակ» խումբին, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` զանոնք ներգրաւել Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ ընտիր սերմեր ցանել անոնց սրտին մէջ: Այս ծրագիրներուն շարունակութիւնը երկա՜ր է, ինչպէս` տօնական օրերու աւանդութիւնները վառ պահելու նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ վերջինը` «Դիմաւորենք մսուրածին Յիսուսը» Ս. Ծննդեան համերգն ու տօնական մթնոլորտը 4 յունուար 2025-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ եւ անոր շրջափակին մէջ:
Հայր Սուրբը` Համակ Սէր
Հայր սուրբին մօտէն եւ հեռուէն ճանչցող փոքրիկները, պատանիները, երիտասարդներն ու հասուն տարիքի անձերը` բոլորը կը վկայեն իր մանկավարժական մօտեցումին, խոնարհութեան, ազնուութեան, խոհեմութեան, ծառայութեան, սիրոյ ու յարգանքին մասին: Չեմ չափազանցեր, երբ ըսեմ, որ ան միայն զինք սիրողներ ունէր` շնորհիւ այն ընտանիքին մէջ, ուր հասակ առած էր, յանձինս` Փանոս եւ Քնար Գուճանեաններու, որոնց կազմած բոյնին մէջ ստացաւ այն մարդկային արժէքները, որոնց ջատագովը մնաց մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը: Ապրեցաւ` հայօրէն, ազգային ոգիով տոգորեց բոլորը, քրիստոնէական արժէքներով եւ անհամար ծառայութեամբ: Այստեղ պէտք է յիշեմ իր թանկագին եւ լուսահոգի մայրը, որուն հանդէպ իր սէրը գերագոյն էր, իսկ անոր վաղաժամ բացակայութիւնը փուշի պէս խոցեց հայր սուրբին հոգին: Իր դիմատետրեան գրառումը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ մօրը բացակայութեան առթած վիշտը, ուր գրած է. «Ուր կրնամ գտնել քեզ, որպէսզի կրկին անգամ զգամ տաքուկ գրկիդ ջերմութիւնը, մա՛մ»:
Վերջին Հանդիպումս
Հինգշաբթի, 30 յունուար 2025-ին, հայր սուրբին չարաբաստիկ սպանութենէն երկու օր առաջ էր, երբ գիշերը «Ազդակ» օրաթերթի աշխատանքէս վերադարձին կը մեկնէի Մարաշ թաղ, այնտեղ հանդիպեցայ հայր սուրբին, ուզեցի համբուրել իր աջ ձեռքը ըստ մեր կրօնական դաստիարակութեան` յարգանք եկեղեցականներու հանդէպ, ան թոյլ չտուաւ համբուրել: Ապա մեր կարճատեւ զրոյցը կեդրոնացաւ իր Պէյրութ գտնուելու պատճառին եւ մօրս առողջութեան վրայ: Ան բարեւներ ուղարկեց մօրս ու առողջութիւն մաղթեց անոր եւ ըսաւ` «Շատ շուտով կը տեսնուինք»: Ապա հրաժեշտ տուաւ ինծի եւ մինչեւ իր ծնողական տունը ան ցտեսութեան բարեւ կը փոխանցէր բարի ժպիտով մը: Միտքս գնաց հայր սուրբին վերջին գրառումին` «Ինչ որ ալ պատահի, եղի՛ր կեանքիդ հերոսը, ոչ թէ` զոհը…»: Սիրելի՛ հայր սուրբ, դուն դժբախտաբար զոհ դարձար արդարութեան բագինին: Բայց քու քաղցր ներկայութիւնդ, աստուածային ճշմարտութիւններով լի քարոզներդ մնացին աւանդ, իսկ քու ցանած բարի սերմերդ արդիւնաւորուեցան եւ պիտի շարունակեն արդիւնաւորուիլ` հեռու ամէն տեսակ յերիւրանքներէ ու բամբասանքէ, որոնք մեզի անդունդ կը տանին: Նայինք մեր հաւատքի առաջնորդ Քրիստոսին եւ Իր խօսքին ճառագայթումն ու մարմնաւորումը հայր սուրբին կեանքին մէջ: Աստուածային մխիթարութիւն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, տարաբախտ հօր` պարոն Փանոսին, ցաւատանջ եղբօր ու քրոջ, բոլոր հարազատներուն ու հարիւրաւոր բարեկամներուն:
Վերջին ցտեսութիւնդ երբեք չեմ մոռնար, սիրելի՛ հայր Անանիա…
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: