Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Երնէ՜կ Այդ Օրերուն… (Ուսուցչաց Տօն)

Մարտ 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Սըրը նեղ իմաստով դասատու մը չէր: Ան արժեհամակարգ կերտողն էր: Զայն փոխանցողն էր: Զայն քայլ առ քայլ նուիրականացողն էր:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
(«ԱԶԴԱԿ», 13-2-2025)

Իր ուսուցիչին` Անթուան Քեհեայեանի յիշատակին նուիրուած Կարօ Արմէնեանի վերոնշեալ տողերը մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին: Անոնք երախտագիտական խօսքէ մը շատ աւելին են, այլապէս կը խտացնեն վաստակաւոր ու նուիրեալ ուսուցիչ-դաստիարակի մը հոգեկերտուածքը, էութիւնն ու աշխարհընկալումը:

Ճեմարանի յարկին տակ տասնամեակներ շարունակ պաշտօնավարելով` իբրեւ անգլերէն լեզուի դասատու, Սըրը, փաստօրէն, ներշնչուելէ ետք մեծերու` Լեւոն Շանթի, Սիմոն Վրացեանի եւ այլոց պայծառ մտածողութենէն ու մանաւանդ` գործելակերպէն, իր կարգին կենսաւորած է առանձնայատկութիւն մը ու անով հաղորդակցած իր շրջապատին հետ:

Իրօք, ան հաղորդակցած է իր ազնուութեամբ, հաւատարմութեամբ, անկեղծութեամբ, հաւատամքի վերածած կոչումով եւ մասնագէտի հմտութեամբ:

Ու շնորհիւ իր բազմակողմանի յատկութեան` ան սիրուած ու յարգուած է բոլորէն անխտիր:

Արդեօք, բաւարա՞ր է ընդգծել նման երախտաւորի մը կուռ համոզումին եւ կազմաւորումին հնչեղութիւնը եւ լոյսին բերել անոր կենդանագիրը` պարզապէս ըսելով, որ հայ ուսուցիչի կերպարին համընկնող երեւոյթ մըն է, սովորական ու անցողակի:

Ո՛չ, երբեք, որովհետեւ եզակի անձնաւորութիւն մը լոկ, որ օժտուած է յստակատեսի եւ ձգողականի ներուժով` պիտի կարենայ կենդանի լոյսով զրահաւորել իր ներաշխարհը ու ներգրաւուիլ ուսուցչութեամբ, յաւելեալ փայլք ու որակ սնուցելով այս ասպարէզին:

Գաղութահայ մեր կեանքին մէջ, բարեբախտաբար, ունեցած ենք, ունինք, հոյլ մը հայ վարժարանի երդիքին տակ պաշտօնավարած հայ դաստիարակներու, որոնք հայագիտական նիւթերու իմացութեամբ եւ հմտութեամբ յաջողած են նորահաս սերունդներու ջամբել մայրենի լեզու, հայ գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ:

Անոնք այս սրբազան աշխատանքին ու կոչումին շնորհիւ յաջողած են պահպանել սերունդներու հայեցի դիմագիծն ու ազգային արժէքները:

Եղած են նաեւ դասատուներ, ինչպէս` Սըրը, որոնք, համամարդկային արժէքներու կրողը ըլլալով, կերտած են հոգեմտային արժեհամակարգ մը ու, կառչելով անոր, կենդանի վկաները հանդիսացած են իրերայաջորդ սերունդներու:

Այլ խօսքով` իրաւ ուսուցիչի կերպարին ընդմէջէն անոնք ցոյց տուած են անսահման   սէր, գուրգուրանք, մարդակերտումի եւ հայակերտումի նուիրուածութիւն:

9 մարտ:

Ամէն անգամ որ սրբազան այս տօնին առիթով ուզած ենք գրիչ շարժել, հարազատ մտորումներ սպիտակ թուղթին յանձնել, իսկոյն, մեր մտքի պաստառին վրայ ուրուագծուած են մեր շատ սիրելի ուսուցիչներուն պատկերները, իւրաքանչիւրի յատկութիւնն ու յիշատակի օրերը: Ու տարիներու թաւալքին հետ, եթէ երբեք հայ վարժարանէն մնացած են գեղեցիկ ու անկրկնելի յուշեր, ապա, անտարակոյս, ատոնք եղած են, մանաւանդ` հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասատուներու հետ անցուցած մեր հոգեպարար տարիները, որովհետեւ անոնք իրենց դասերուն հետ նաեւ կը փոխանցէին ջերմութիւն, ոգեւորութիւն եւ ազգային արժէքներու հանդէպ ուժեղ սէր եւ խանդավառութիւն:

Փաստօրէն, ունեցած ենք ուսուցիչներ, որոնք յաջողած են իրենց ընկերականութեամբ եւ հմտութեամբ ոչ միայն սիրցնել մայրենին, պատմութիւնն ու մշակոյթը, այլ կրցած են ամէն մէկ աշակերտի ներաշխարհը լուսաւորել, հոգեզինել եւ ամրապնդել ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը:

Այսօր, երբ գաղութահայ կեանքը իր դժուար օրերը կ՛ապրի, բազում պատճառներու իբրեւ հետեւանք, բնական է, որ գոյամարտի մէջ է նաեւ հայ վարժարանը, որ տարուէ տարի կը կորսնցնէ իր ներքին ուժականութիւնն ու դերակատարութիւնը: Պատեհ առիթներու գրուած եւ մատնանշուած են հաւաքական կեանքին մէջ առկայ անտարբերութեան եւ յուսալքումի վիճակները: Մտահոգիչը, սակայն, իրաւ դասատուներու, հայերէնաւանդ ուսուցիչներու եւ մասնագէտներու տակաւ շիջումն է, որ իր բացասական անդրադարձը կ՛ունենայ նորահաս սերունդին վրայ` զայն զրկելով հայաբոյր դաստիարակութենէ եւ մթնոլորտէ:

Միւս կողմէ, մտահան պէտք չէ ընել, որ կեանքի արագասոյր ընթացքն ու դէպի արհեստագիտութեան բարձունքները սլացող մարդկութիւնը, իր կարգին, կը դիմագրաւէ այնպիսի մարտահրաւէրներ, որոնք կրնան պատուհաս դառնալ նոյնինքն մարդ արարածին, եթէ երբեք չսանձուին նիւթի պաշտամունքը, գիտական աշխարհը բարոյականութենէ զրկելու փորձերը եւ համամարդկային արժէքներու փոշիացումը:

Արդ, հայ ուսուցիչներու հանդէպ ցուցաբերուած շատ անգամ թերի վերաբերումներն ու անհոգի պահուածքը` մեծ թէ փոքր պատասխանատուներու կողմէ, միայն աւերներ կրնան գործել եւ պատճառ դառնալ հայ վարժարանի սրբազան առաքելութեան աղաւաղումին:

Բոլոր ժամանակէ աւելի հայ ուսուցիչին հարկ է տրամադրել նիւթաբարոյական  աջակցութիւն եւ հոգեգրաւ գուրգուրանք, աւելի՛ն. ստեղծել պատեհ առիթներ, որպէսզի ան կարենայ վերաորակաւորել ինքզինք, առաւել հմտանալ հայագիտական նիւթերու մէջ եւ սէգ ճակատով ներկայանալ նորահաս սերունդին:

Միշտ ալ պիտի հպարտանանք մեր դասատուներու ձգած աւանդով եւ հեզահամբոյր յիշատակներով, այդուհանդերձ, հայակերտումի գոյամարտը շարունակելու համար` նորովի գործելակերպի, ծրագիրներու, լուրջ աշխատանքի եւ տեսլականի հրամայական պահանջը կայ ամէնուրեք:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Պատկառանքը Եւ Երախտագիտութիւնը Ձեզի, Սիրելի՛ Ուսուցիչներ

Յաջորդը

Վերջին Ցտեսութիւնը… Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?