Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեկենդանի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Մարտ 7, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարիմ մնալով հայկական աւանդութիւններուն եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, ուրբաթ, 28 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-7:00 Ազգային Միացեալ վարժարանը  իր յարկին տակ նշեց Բարեկենդանի տօնը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ «Լաւագոյն ծպտուող»-ի մրցանք:

Դատական կազմի անդամներն էին` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ եւ «Ազդակ» օրաթերթի  պատասխանատու խմբագիր  Նորա Բարսեղեան, մանկական եւ ընտանեկան լուսանկարչութեան մասնագէտ եւ  «Mini Models» լուսանկարչական արուեստանոցին սեփականատէր Քարլա Աւետիսեան եւ լիբանանահայ արուեստագէտ, գծագրիչ, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ուսուցիչ Հրանդ Գալեմքէրեան:

Օրուան հանդիսավարը` վարժարանի հայերէնի համակարգող եւ դասատուն` Մատլեն Վարդանեան, Բարեկենդանի կրօնական եւ աւանդական խորհուրդը ներկայացնելէ ետք, անդրադարձաւ նաեւ Բարեկենդանի տիկնիկը համարուող  «Ակլատիս»-ի խորհրդանշական իմաստին: Ապա բեմ հրաւիրեց մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի Ա. Բ. Գ. եւ Դ. դասարաններու փոքրերը, որոնք խմբակ առ խմբակ ներկայանալով`  ցուցադրեցին իրենց ծպտուած կերպարները, խօսեցան իրենց մարմնաւորած անձնաւորութիւններուն մասին:

Ցուցադրութենէն ետք երկրորդականի աղջիկները մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները հրաւիրեցին քոչարի պարին եւ միասնաբար կատարեցին խմբային պար մը, որուն յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւնը:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խմբակէ ընտրուեցան երեք մրցանակակիրներ` Ա. Բ. Գ. հանդիսացողներ եւ երկու բացառիկ մրցանակակիրներ, որուն արժանացան հայկական նուռի վերածուած եւ Վարդան Մամիկոնեանը մարմնաւորող փոքրիկները:

Յատկանշական էին նաեւ Քարլա Աւետիսեանի կողմէ տրամադրուած երկու այլ մրցանակներ` «Mini Models»-ի  լուսանկարչատան մէջ ձրի լուսանկարուելու առիթ` իրենց ծպտուած տիպարներուն թեմայով: Այս մրցանակին արժանացան մեղուի փեթակը ներկայացնող մանուկն ու Cotton candy երկուորեակ քոյրերը:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վեքիլեան, շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ գնահատեց դատական կազմը, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրած էին դպրոցին եւ աշակերտներուն:

Աւարտին բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան պրիոշներով, իսկ բոլոր փոքրիկները ստացան  գունաւոր գլխարկներ` լի շաքարներով, կրկնեփուկներով եւ տուրմերով:

Թող Բարեկենդանի տօնը իր  օրհնութիւններով բերէ խաղաղութիւն, կեանք ջերմութիւն եւ անսպառ ժպիտ` մեր  բոլոր հայ օճախներուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն:

Շնորհաւոր Բարեկենդան,

Բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան:

Նախորդը

Վանայ Լիճը Պիտի Ցամքի՞

Յաջորդը

Նահատակ Զաւէն Թաշճեանի 39-րդ Տարելիցի Նշում

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?