Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի իր ամերիկացի պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտնեց. «Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դաշինքը համաշխարհային անվտանգութեան համար չափազանց կարեւոր է: Մենք միասնաբար կ՛աշխատինք Ուքրանիոյ մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու եւ Կազայի մէջ զինադադարի շարունակումը երաշխաւորելու համար»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Ռուպիօ Լամիի հետ խօսեցաւ` քննարկելու համար Բրիտանիոյ մէջ 2 մարտին գումարուած Ուքրանիոյ շուրջ վեհաժողովը:
«Ռուպիօ շնորհակալութիւն յայտնեց Լամիին Բրիտանիոյ` Եւրոպայի իր պաշտպանութիւնը ապահովելու եւ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւնը յառաջ մղելու քաջալերելուն համար»:
«Ռուպիոն ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են բանակցելու Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տագնապին վերջ տալու համար, եւ պիտի շարունակեն Բրիտանիոյ հետ աշխատիլ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար», նշեց նախարարութիւնը:


