Շուէտի խորհրդարանի անդամ ընկերվար ժողովրդավար Էրիք Հելսպոռն դրական կը գնահատէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան լիազօրութեան երկարաձգումը` յոյս յայտնելով, որ առաքելութիւնը կրնայ օգնել` կանխարգիլելու Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանի հետագայ հաւանական յարձակողական գործողութիւնները:
Շուէտացի երեսփոխանը նման կարծիք յայտնած է «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին` խօսելով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան լիազօրութիւնը եւս երկու տարիով երկարաձգելու որոշումին մասին:
Շուէտացի երեսփոխանը ցաւով արձանագրած է այն հանգամանքը, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւն կիրարկել Հայաստանի նկատմամբ:
«Կը կարծեմ` ասիկա (Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան երկարաձգումը, «Ա.») շատ դրական է: Ցաւալիօրէն, Պաքուն կրկին ու կրկին շատ յարձակողական հռետորաբանութիւն կ՛օգտագործէ Երեւանի դէմ: Ալիեւը, կարծես, հեռու չէ նոր պատերազմի սկսելէ: Յոյսով ենք, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կրնայ օգնել` կանխարգիլելու զայն», շեշտած է շուէտ երեսփոխանը:
Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի կողմէ մշտապէս բարձրաձայնուող դժգոհութիւններուն` յիշեցնելով, որ ինքնին Պաքուն հրաժարած է իր տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան դէտերու տեղակայումէն:
Երեսփոխանը նաեւ անհեթեթ նկատած է Ազրպէյճանի այն պնդումները, թէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը լրտեսական կամ հետախուզական աշխատանք կը կատարէ հայ-ազրպէյճանական սահմանային հատուածներուն մէջ:
«Եւրոպական Միութիւնը պիտի նախընտրէր, որ կարողանար (սահմանի) երկու կողմերուն վրայ ալ աշխատիլ, սակայն Պաքուն մերժած է զայն: Պնդումները, թէ առաքելութեան մէջ լրտեսներ կան, անհեթեթ են: Առաքելութիւնը շատ թափանցիկ է, եւ նոյնիսկ նախապէս կը տեղեկացնէ, թէ ո՛ւր պիտի կատարէ պարեկութիւնը», ընդգծած է շուէտացի երեսփոխանը:
Մեկնաբանելով Պաքուի դժգոհութիւնները եւ նման յայտարարութիւններու իրական նպատակը` Էրիք Հելսպոռն նկատած է. «Հարցումը, որ այս պարագային պէտք է ուղղել, այն է, թէ Պաքուն ինչէ՞ն կը վախնայ, կը վախնայ, որ Եւրոպական Միութիւնը ի՞նչ տեսնէ»:
Շուէտացի երեսփոխանը, անդրադառնալով այն դիտարկման, որ ի պատասխան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանէն հեռացնելու պահանջին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Երեւանը Պաքուին առաջարկած է Եւրոպական Միութեան դէտերը հեռացնել սահմանի արդէն սահմանազատուած հատուածներէն, Շուէտի խորհրդարանի անդամը, այդուհանդերձ, Երեւանին խորհուրդ տուած է չսահմանափակել դիտորդական առաքելութեան լիազօրութիւնը:
«Ի հարկէ, այս հարցերը կ՛որոշեն վարչապետ Փաշինեանն ու Հայաստանի խորհրդարանը, սակայն ես խորհուրդ կու տայի չսահմանափակել առաքելութեան լիազօրութիւնը: Առաքելութեան անդամները գիտեն ինչ կ՛ընեն եւ կը կարողանան տեղեկացուած որոշում տալ, թէ ո՛ւր է պարեկութիւն կատարելու լաւագոյն վայրը», եզրափակած է Էրիք Հելսպոռն:


