Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ Հայրենի Դերասան Արման Նաւասարդեանի. Արեւմտահայ Բանաստեղծութիւններու Ծաղկաքաղի Ասմունքի Ու Երգի Իւրայատուկ Ներկայացում

Մարտ 5, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 25 փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղ» վերնագիրը կրող հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն, համազգայնականներու, արուեստագէտներու եւ գրասէր հասարակութեան: Ձեռնարկի հանդիսավարներն էին Լիլիթ Տէմիրճեան եւ Կարի Քանըր Հարպոյեան:

Երեկոն սկսաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի Միսաք Մեծարենցի «Սիրերգ»-ի եւ Լեւոն Շանթի «Անուշ» երգերու կատարումով: Երգչախումբին դաշնամուրով կ՛ընկերակցէր Քեւըն Եուսէֆ, գեղարուեստական ղեկավար` մայեսթրօ Գրիգոր Ալլոզեան:

Ապա ելոյթ ունեցաւ հայրենի դերասան Արման Նաւասարդեան, որ ասմունքեց` Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» ստեղծագործութիւնը, Մատթէոս Զարիֆեանի «Երկու աւերակները»-ը, Միսաք Մեծարենցի «Հիւղը», Պետրոս Դուրեանի «Լճակ»-ը, Զարեհ Խրախունիի «Լեռը», Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» եւ Սիամանթոյի «Դարերու վրէժ»-ը:

Հանդիսութեան բանախօսն էր դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ առաջին հերթին ներկայացուց մարդկութեան քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ  դարերու ընթացքին գեղեցիկ խօսքի զարգացումն ու ազդեցութիւնը մարդկային մտքին ու հոգիին վրայ: Իւրնէշլեան ըսաւ, որ հայ գիրերու գիւտով հայոց ազգային քաղաքակրթութիւնը թեւակոխեց իր կարեւորագոյն անկիւնադարձը, եւ «նոյնինքն եռամեծար գիւտարարն ու անոր աջակից կաթողիկոսը յօրինեցին առաջին շարականները, որոնք, ըստ էութեան, բանաստեղծութիւններ են»: Ան աւելցուց, որ բանաստեղծութիւնը ընդարձակ, արժանի ու մնայուն տեղ ունեցաւ մեր կեանքին մէջ` դառնալով շատերուս ուրախութեան ու թախիծին, հպարտութեան ու ցաւին ընկերը, մեր յոյզերուն թարգմանը եւ մեր խոհերուն արտայայտիչը:

Պատգամախօսը հաստատեց, որ կարելի չէ բանաստեղծութիւնը հանել կեանքէն, որովհետեւ` «Կեանքը ինքը բանաստեղծութիւն է` մերթ հանդարտ, մերթ փոթորկուն, երբեմն հրճուալի, երբեմն` նաեւ տառապալից»:

Արմէն Իւրնէշլեան յայտնեց, որ հազար եւ աւելի դարերու ընթացքին` նախամարդու առաջին հնչիւնէն մինչեւ այս երեկոյ, բերանացի ու գրաւոր խօսքը զարգացաւ նիւթով, ոճով ու մատուցումով, ձեռք ձգեց գեղեցիկ որակ, ու արդէն անով ստեղծուած քերթողութեան մէկ բուրումնաւէտ, անթառամ ու գեղեցիկ փունջը` արեւմտահայերէն քերթողութիւնը ըմբոշխնեցինք եւ պիտի շարունակենք վայելել:

Ապա ներկաները դիտեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատրաստած Մուշեղ Իշխանի «Հայու հոգին» երգին տեսերիզը: Երգին իրենց մասնակցութիւնը բերած են աշխարհի բոլոր անկիւններէն երաժիշտներ եւ երգիչներ: Երաժշտութիւնը կը պատկանի Արմէնուհի Կարապետեանին:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Շողիկ Թորոսեանի եւ Կարէն Գազանճեանի` Միսաք Մեծարենցի «Կարմիր ծաղիկ մը գարունի» երգեցողութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Քեւըն Եուսէֆի:

Աւարտին անգամ մը եւս բեմ բարձրացաւ Արման Նաւասարդեան, որ բարձրորակ կատարումով ասմունքեց` Զահրատի «Չար բաներ»-ը, Խաչիկ Տէտէեանի «Տարիները մեր»-ը, Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-էն հատուած մը, Մուշեղ Իշխանի «Ես Մասիսը չտեսայ» գործը, Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն»-ը, Վահան Թէքէեանի «Պիտի իյնաս»-ը եւ Վահէ Օշականի «Տարեդարձը»:

Այս առիթով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին անունով Նայիրի Ադամեան յուշանուէր մը յանձնեց հայրենի արուեստագէտ Արման Նաւասարդեանին:

Ձեռնարկէն ետք ներկաները ստացան Համազգայինի նախաձեռնութեամբ 2024-ին Հայաստանի մէջ լոյս տեսած Զահրատի «100 բանաստեղծութիւն» հատորէն օրինակներ, որոնք Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ճամբով վերհրատարակուած են Լիբանանի մէջ: Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ Լագիսեան ընտանիքին եւ նուիրուած` գաղութի մշակութային կեանքին մէջ իր մեծ ներդրումը բերած տաղանդաւոր ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանին:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Երկու Ուժեր Միացան Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան Շարքերուն

RelatedPosts

Լոյս Տեսաւ «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութիւն» Գիտաժողովի Նիւթերու Հաւաքածոն
Գաղութային

Լոյս Տեսաւ «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութիւն» Գիտաժողովի Նիւթերու Հաւաքածոն

Մայիս 24, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Նորընտիր Պապի Գահակալութեան
Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Նորընտիր Պապի Գահակալութեան

Մայիս 24, 2025
«Ազդակ»-Ի 77-րդ Առցանց Լսարան.  Բագրատ Էսթուքեան. «Անգարա-Երեւան  Երկխօսութեան Մէջ Ազրպէյճան Ստանձնած Է  «Աւագ Եղբօր» Դերակատարութիւնը»
Գաղութային

«Ազդակ»-Ի 77-րդ Առցանց Լսարան. Բագրատ Էսթուքեան. «Անգարա-Երեւան Երկխօսութեան Մէջ Ազրպէյճան Ստանձնած Է «Աւագ Եղբօր» Դերակատարութիւնը»

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?