Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Ուժեր Միացան Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութեան Շարքերուն

March 5, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 2 մարտ 2025-ին, Բուն Բարեկենդանի տօնին, կաթողիկոսանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի մէջ երկու սարկաւագներ` Կարէն Եօսուլքանեան եւ Յակոբ Ճուլֆայեան միացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան շարքերուն:

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան կատարեց աբեղայական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը` խարտաւիլակութեամբ Սուրբ Աստուածածին վանքի վանահօր` Շնորհք ծ. վրդ. Աշըգեանի:

Պատարագին եւ ձեռնադրութեան ու օծման արարողութեան ներկայ էր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան:

Յընթացս սուրբ պատարագին, խարտաւիլակ հայր սուրբը ընծայեալները ծնրադիր առաջնորդեց եկեղեցւոյ մայր խորան: Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ «այս ծառաներուն շնորհք տայ քահանայութեան աստիճանը առնելու»: Ապա ձեռնադրեալները կատարեցին աշխարհէն հրաժարելու եւ Քրիստոսի լուծը կրելու ուխտը: Խարտաւիլակ հայր սուրբը միւռոնաթափ աղաւնին վերցնելով Սուրբ Երրորդութիւն խորանէն` բերաւ մայր խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ սրբազան հօր: Վերջինս, իր կարգին, սրբալոյս միւռոնով օծեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը` Կարէն սարկաւագը վերանուանելով ՄՈՎՍԷՍ ՔԱՀԱՆԱՅ, իսկ Յակոբ սարկաւագը` ԱԲՐԱՀԱՄ ՔԱՀԱՆԱՅ:

Հուսկ, Մակար սրբազան ոգեւորիչ քարոզով օրուան պատգամը տուաւ: Ամենակալին փառք ու գոհութիւն վերառաքելէ եւ Սուրբ Աթոռոյս գահակալին իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք, Բուն Բարեկենդանի տօնին առիթով ան բարի կենդանութիւն մաղթեց հաւատացեալներուն` աղօթելով, որ այս ձեռնադրութեան ու օծման հետ ճշմարտապէս ապրինք նախահօր ու նախամօր վայելած դրախտը` հոգիով ու ներքին խաղաղութեամբ, Քրիստոսի կենդանի ներկայութեամբ եւ առաջնորդութեամբ: Խօսելով ձեռնադրութեան ու օծման խորհուրդին մասին` սրբազան հայրը երեք կէտեր ընդգծեց, որոնք քահանայութեան աստիճանին առնչուած են: Առաջին` քահանայապետը կ՛ընտրուի մարդոց մէջէն, երկրորդ` կ՛ընտրուի մարդոց համար, եւ երրորդ` կ՛ընտրուի Աստուծոյ կողմէ: Քարոզիչ սրբազան հայրը խօսելէ ետք յիշեալ կէտերէն եկող պատգամներուն մասին եղբայրական խրատներով գօտեպնդեց նորընծաները հետեւելու մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, որպէսզի չյանձնուին ֆիզիքական ցանկութիւններու, եկեղեցին տանին ժողովուրդին եւ նուիրուին Աստուածաշունչի գիտութեան խորացման:

Իր քարոզի աւարտին Մակար արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց` վեհափառ հայրապետը, Կիլիկեան միաբանութիւնը, ձեռնադրեալներուն ծնողները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, վեհափառ հայրապետն ու միաբան հայրերը բարձրացան խորան եւ հայրական ու եղբայրական համբոյրով ողջունեցին նորաօծ քահանաներուն մուտքը ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական անդաստանին մէջ:

Յայտնենք, որ Մովսէս քահանային կնքահայրութիւնը ստանձնած է Յակոբ եւ Սալբի Լուսարարեան ամոլը, իսկ Աբրահամ քահանայինը` Յովիկ եւ Մեղրի Արսլանեան ամոլը: Աւանդութեան համաձայն, նորաօծներուն կնքահայրերը կատարեցին անոնց նորադրոշմ ճակատներուն ու ձեռքերուն լուացումը:

Սուրբ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութեան կարգը եւ կուսակրօնութեան իբրեւ նշան` միաբանական կնգուղը դրուեցաւ Մովսէս աբեղային եւ Աբրահամ աբեղային գլխուն:

Սուրբ պատարագէն ետք, գլխաւորութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր եւ ընկերակցութեամբ խարտաւիլակ հայր սուրբին, նորընծաները բարձրացան վեհափառ հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:

Հայրապետական օրհնութիւնը ստանալէ ետք, մայր տաճարի Սուրբ Խորանին առջեւ, հաւատացեալները մօտենալով նորընծաներուն` աջահամբոյրով ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը եւ յայտնեցին իրենց շնորհաւորութիւնները:

 

Նախորդը

Մասնակցութեամբ Հայրենի Դերասան Արման Նաւասարդեանի. Արեւմտահայ Բանաստեղծութիւններու Ծաղկաքաղի Ասմունքի Ու Երգի Իւրայատուկ Ներկայացում

Յաջորդը

Ռուս-Ամերիկեան Յուսադրիչ Մերձեցման Դրդապատճառներն Ու Առաջին Պտուղը

RelatedPosts

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

January 15, 2026
Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը`  Դէպի Ազատութիւն»
Գաղութային

Բագրատունի. «Վիգէն Իւլճեքեանը` Դէպի Ազատութիւն»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.