Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտալլա Օճալան նամակով մը դիմած է իր ընկերներուն, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ` վար դնելու զէնքերը եւ լուծարելու կուսակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը:
«Ես կոչ կ՛ուղղեմ` վար դնելու զէնքերը եւ կը ստանձնեմ այս պատմական կոչին պատասխանատուութիւնը: Ինչպէս կամաւոր պիտի ընէր իւրաքանչիւր ժամանակակից համայնք եւ կուսակցութիւն, որուն գոյութիւնը ուժով չէ ոչնչացուած, հրաւիրեցէք ձեր ընդհանուր ժողովը եւ տուէ՛ք ձեր որոշումը: Բոլոր խմբաւորումները պէտք է վար դնեն զէնքերը, իսկ ՔԱԿ-ը պէտք է ինքնալուծարուի», ըսած է Օճալան:
Ան նամակին մէջ բացատրած է, որ կուսակցութեան անցեալ դարուն կազմութիւնը ազդած է «քրտական իրականութեան բացայայտ ժխտման եւ հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու սահմանափակման վրայ», թէեւ «աւելի քան 1000 տարի» թուրքերու եւ քիւրտերու յարաբերութիւնները հիմնուած էին համագործակցութեան վրայ:
Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող ՔԱԿ-ի համահիմնադիր Ապտալլա Օճալան 1999 թուականէն ի վեր ցկեանս բանտարկուած է թրքական բանտի մէջ:
Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Նեճերվան Պարզանի ողջունեց Օճալանի կոչը` աւելցնելով. «Կուսակցութեան կոչ կ՛ուղղենք` յանձնառու դառնալու այս նամակին եւ զայն գործադրելու»:
Ան նշեց, որ Քրտական ինքնավար մարզը պատրաստ է «լիարժէք կերպով աջակցելու խաղաղութեան հոլովոյթին»:
Սպիտակ տունը, մեկնաբանելով Օճալանի կոչը, յայտնեց, որ անիկա «պիտի նպաստէ անկայուն շրջանի մը խաղաղութիւն բերելուն»: