Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

February 26, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 18:30-ին Լուայզէի («Էն. Տի. Եու.») դաշտին վրայ, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Ազուրի դէմ:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս Էն. Էս. Էյ.-ի (78-45), Հուփսի (103-46), Չեմփսի (66-47) եւ Պէյրութի (61-52) յաղթելէ ետք պիտի փորձէ իր 5-րդ մրցակիցն ալ պարտութեան մատնել: Ազուր իր կարգին Պէյրութի (54-41), Ռիատիի (77-80), Մթայլեպի (77-61) եւ Անդրանիկի (83-38) յաղթած է եւ միայն նշանակած կողովներու թիւին տարբերութեամբ կը գրաւէ Բ. դիրքը:

Ազուրի օտար մարզիկը` Իթալի Լուքաս 36 տարեկան է եւ միջին հաշուով 20 կէտ կը նշանակէ ամէն մրցումի, մինչ լիբանանցի լաւագոյն արդիւնք ձեռք ձգող մարզիկը Ամար Մանսուրն է, որ 17 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ ամէն մրցումի: Ազուրի խումբը փորձառու մարզիկներ ալ ունի, ինչպէս 38 տարեկան Այտա Պախոսը, որ ՀՄԸՄ-ի հետ ալ տարիներով փայլած է, ինչպէս նաեւ Ռիատիի եւ Պէյրութի ալ, 37 տարեկան Միրամար Մոքտատ ալ իր կարգին Ռիատիի եւ Պէյրութի հետ խաղցած է: Նոյնն է պարագան Մելոտի Սանեհին, որ 23 տարեկան ըլլալով խաղցած է նաեւ Ռիատիի եւ Պէյրութի խումբերուն հետ, եւ այս տարի Ազուրի հետ միջին հաշուով 11 կէտ կը նշանակէ:

Մարիա Ղալեպ, որ վերջերս ազգային խումբ ալ հրաւիրուած էր, 13,5 կէտ կը նշանակէ միջին հաշուով, մինչ Ռիատիի նախկին մարզիկներէն Թինա Ռաֆֆուլ իր կարգին 11 կէտ կը նշանակէ միջին հաշուով:

Այս բոլորին դէմ անշուշտ ՀՄԸՄ Անթիլիասն ալ ունի Ազուրը զսպող մարզիկներ, ուր Ժաքայրա «Իկի» Էլըն միջին հաշուով 18 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ, Տանիելլա Ֆայյատ 14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ, Քենետի Կէյվըն 19 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ, մինչ Փերլա Պու Նասր (11,3 կէտ) եւ Փաթիլ Ասատուրեան (8 կէտ), ինչպէս նաեւ Նարինէ Կէօքճեան, Եաշա Զէյնուն, Կապի Սաատ, Սթեֆանի Հատտատ եւ Ալիք Թապաքեան շատ լաւ կրնան պաշտպանել:

Աւարտականի մակարդակ ունեցող այս մրցումին յաղթականը կրնայ ըլլալ թիւ 1 թեկնածուն, հակառակ անոր որ տակաւին թերեւս կանուխ պիտի ըլլայ դատելը մէկ մրցումով, ուր որեւէ խումբ կրնայ իր լաւ կամ վատ օրերուն մէջ ըլլալ:

Կարեւորագոյն բանը մեր աղջկանց համար աւելի կեդրոնացած ըլլալն է, բան մը, որ Պէյրութի դէմ մրցումին պատճառ դարձաւ 19 թըրն օվըրի:

Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Հուփս – Ռիատի
Պէյրութ Ֆըրսթ – Պքեննեյա
Չեմփս – Էն. Էս. Էյ.

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` 91-88

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.