Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը երկուշաբթի գիշեր աւարտեց Ասիոյ բաժակի զտումի մրցումները` գրաւելով 6-րդ խմբակի պարագլուխի դիրքը, յաղթելէ ետք իր 6 մրցումներն ալ: Իր 6-րդ եւ վերջին մրցումին, Լիբանան պարտութեան մատնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` 91-88 արդիւնքով:
Մրցումի աւարտէն 40 երկվայրկեան առաջ, Ժերար Հատիտեան 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց` արդիւնքը 91-85-ի բարձրացնելով, եւ վերջին երկվայրկեաններուն խումբը պահեց առաւելութիւնը` տանելով վերջնական յաղթանակը: Ելոյթը այնքան յաջող չէր, բայց Ուաէլ Արաքժի միշտ ներկայ էր խումբը ինքն իր վրայ առնելով եւ մրցակիցներուն մէջէն ճեղքելով պաշտպանողական գիծերը` նշանակելու համար կողովներ: Արաքժի 29 կէտ նշանակեց, մինչ Ամիր Սէուտ (20 կէտ), Ժերար Հատիտեան (18 կէտ), Աթեր Մաժոք (12 կէտ), Ժատ Խալիլ (6 կէտ) Սերժիօ Տարուիշ (44 կէտ) եւ Ալի Մըզհեր (2 կէտ) եղան Լիբանանի 91 կէտերը նշանակող մարզիկները: Լիբանան, որ կը խաղար առանց Ալի Մանսուրի, Ալի Հայտարի եւ Քարիմ Զեյնունի (վիրաւոր), կրցաւ յաճախ փոփոխութիւններով մնալ մրցումի մթնոլորտին մէջ եւ տիրանալ վերջնական յաղթանակին, հակառակ անոր որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խումբը բաւական դժուար մրցակից մը եղաւ, մանաւանդ Տիմարքօ Տիքերսընի (25 կէտ) եւ Ալպրէյքիի (24 կէտ եւ 11 էսիսթ) գլխաւորութեամբ:
Լիբանան գրաւեց առաջին դիրքը 12 կէտերով` ետին ձգելով Սուրիան (9 կէտ), Պահրէյնը (8 կէտ) եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (7 կէտ):
Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, եւ զտումի մրցումներուն միայն Յորդանանը եւ Աւստրալիան են, որոնք Լիբանանի կողքին իրենց 6 մրցումներն ալ յաղթած են:
Առաջին խմբակէն Աւստրալիա եւ Հարաւային Քորէա Բ. խմբակէն Նոր Զելանտա եւ Ֆիլիփեան կղզիներ, Գ. խմբակէն Չինաստան եւ Ճափոն, Դ. խմբակէն Յորդանան եւ Սէուտական Արաբիա, Ե. խմբակէն Իրան եւ Քաթար, իսկ Զ. խմբակէն Սուրիա Լիբանանի կողքին հասան աւարտական մրցաշարք, մինչ 3-րդ դիրքը գրաւող խումբեր Պահրէյն, Հնդկաստան, Իրաք, Կուամ, Թայփէ եւ Թայլանտ պիտի մրցին զտումի այլ հանգրուանի մը, որմէ ետք 4 լաւագոյն խումբեր պիտի միանան 12 խումբերուն` մասնակցելու Ժետտայի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 5-էն 17 օգոստոսին: