Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ֆուժէյրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող քարաթէի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Քոսակեան 76 քկ կշիռի մրցումներուն իր բոլոր մենամարտերը յաղթելով դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան:
Քոսակեան 16-էն 17 տարեկաններու 76 քկ կշիռի աւարտականին հասած էր յաղթելէ ետք 5 մենամարտ` մրցելու համար ղազախ Ալիխան Քատիրկալիին դէմ: Քատիրկալի, որ աշխարհի գործող ախոյեանն է, պարտուեցաւ Սուրէնէն, որ դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Ֆրանսան ներկայացնող հայազգի Մոնիքա Արզումեան 59 քկ կշիռի աշխարհի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ` գրաւելէ ետք 3-րդ դիրքը: