
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Միլան 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ճենովայի, գրաւեց ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը, եւ երէկ, երբ Նափոլի պարտուեցաւ Քոմոյէն, մնաց իր դիրքին վրայ` գերազանցելով Նափոլին 1 կէտով:
Խմբապետ Լաութարօ Մարթինես նշանակեց Ինթերի միակ կոլը, որուն շնորհիւ Ինթեր գրաւեց «Սերի Ա.»-ի առաջին դիրքը:
Ինթերի դրացի-թշնամի Ա. Սէ. Միլան 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Թորինոյէն, ուր Քրիսթիան Փուլիշիչ փենալթի մըն ալ կորսնցուց:
Սեսք Ֆապրեկասի մարզած Քոմօ խումբը, որ անցեալ շաբաթ ալ Ֆիորենթինայի դաշտին վրայ յաղթած էր (2-0), բացաւ մրցումին հաշիւը Նափոլիի դէմ` շնորհիւ Ռահմանիի (7-րդ վայրկեանին): 10 վայրկեան ետք, Ռասփատորի նշանակած էր Նափոլիի հաւասարութեան կոլը: Ասան Տիաօ 77-րդ վայրկեանին նշանակեց Քոմոյի յաղթանակի կոլը: 19 տարեկան սպանացի Տիաօ Եուվենթուսի եւ Ֆիորենթինայի դէմ ալ կոլեր նշանակած էր` նշանակելով իր 5-րդ կոլը 8 մրցումներու ընթացքին: Ան ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանին լքած էր Պեթիսը եւ միացած Քոմոյին:
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պարսելոնա, որ անցեալ շաբաթ գրաւած էր պարագլուխի դիրքը, Բ. կիսախաղին համեմատաբար աւելի լաւ մրցում մը կատարելով կրցաւ յաղթական վերադառնալ Լաս Փալմասի դաշտէն` 2-0 արդիւնքով:
Պահեստի մարզիկներ Տանի Օլմօ եւ Ֆեռան Թորես նշանակեցին Պարսայի կոլերը, որոնց շնորհիւ Պարսելոնա մնաց առաջին դիրքին վրայ:


