Թուրքիոյ Պուրսա շրջանի Ուլուտաղ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած լեռնադահուկարշաւի (ալփին-սքի) պատանեկան միջազգային մրցաշարքին, «Փրօ-սքի» ակումբի սան Գէորգի Գալստեան 10 պետութիւններու ներկայացուցիչներու շարքին գրաւեց 3-րդ դիրքը` դառնալով պրոնզէ մետալակիր:
Հայաստանի ներկայացուցիչը հանդէս եկած էր Արսէն Ներսիսեանի գլխաւորութեամբ: Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը` Աշոտ Սաֆարեան, գրաւեց 15-րդ դիրքը: