Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Իր Լաւագոյն Մրցումը Ունեցաւ Լէյքըրզի Հետ

Փետրուար 24, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սլովենիացի պասքեթպոլի աստղ Լուքա Տոնչիչ, որ տարեշրջանի կէսերուն միացած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, իր լաւագոյն ելոյթը ունեցաւ շաբաթավերջին` օգնելով Լէյքըրզին, որ 123-100 արդիւնքով յաղթէ Տենվըր Նակեթցին:

Լուքա 32 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ իր 34-րդ յաղթանակը արձանագրեց 55-րդ մրցումին: Նիքոլա Մոքիչ 12 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարելով ձեռք ձգեց թրիփըլ տապըլ, բան մը, որ սակայն չկրցաւ օգնել Տենվըրին, որ արձանագրէ 10-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Քլիվլենտ Քեվելիրզ 142-105 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը տարաւ Նիւ Եորք Նիքսի վրայ, ուր Տոնավըն Միչել 27 կէտ նշանակեց, մինչ Քարլ – Անթոնի Թաունզ 23 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ 19-րդ պարտութիւնը կրեց 56 մրցումներու ընթացքին:

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 130-107 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Եութայի մէջ Ճեզի դէմ մրցումէն: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 21 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Եութայի լաւագոյն մարզիկն էր Ճոն Քոլինզ, որ 26 կէտ նշանակեց:

Սան Անթոնիօ Սփըրզ 110-125 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզէն, եւ այս տարեշրջանին պիտի սորվի խաղալ առանց իր «հսկայ» Վիքթոր Ուեմպանեամային (Ուեմպի), որ «Օլ Սթար»-ի մրցումէն ետք բժշկական քննութեան պահուն նկատած էր, թէ ուսին մէջ ունի խցուած երակ մը, բան մը, որ ստիպեց հեռանալ պասքեթպոլէն` բուժուելու համար:

Ուեմպլի, որ անցեալ տարի ամէնէն երիտասարդ լաւագոյն մարզիկը ընտրուած էր, այս տարի եւս թեկնածու էր շահելու տիտղոսը, բայց վստահաբար յաջորդ 30 մրցումներուն շատ բան կրնայ փոխուիլ դասաւորման պարագային:

Թէ ան կրնա՞յ վերադառնալ պասքեթպոլի աշխարհ, բժիշկները օրերու ընթացքին կրնան յստակացնել:

Տալաս Մեւրիքս 111-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը` 111-103 արդիւնքով: Քայրի Ըրվինկ 35 կէտ նշանակեց` իր խումբը առաջնորդելով 31-րդ յաղթանակին, մինչ Զայըն Ուիլիըմսընի 29 կէտերը բաւարար չէին Փելիքընզի համար, որ կրեց իր 43-րդ պարտութիւնը:

Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս 101-104
Օրլանտօ Մեճիք – Մեմֆիս Կրիզլիզ 104-105
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Նիւ Եորք Նիքս 142-105
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մայեմի Հիթ 111-120
Տալաս Մեւրիքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 111-103
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 110-125
Եութա Ճեզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 107-130
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 121-115
Սաքրամենթօ Քինկզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 108-132

ԵՐԷԿ

Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 131-78
Շիքակօ Պուլզ – Ֆինիքս Սանզ 117-121
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պրուքլին Նեթց 103-105
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 100-123
Եութա Ճեզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 124-115

Նախորդը

ՀՅԴ- ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ինթեր Միլան Առաջին Դիրքի Վրայ. Պարսելոնա Յաղթեց

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին

Օգոստոս 19, 2025
Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Օգոստոս 19, 2025
Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ
Մարզական

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?