Նման կէտեր խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ չեն քննարկուիր, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան` արձագանգելով Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահի այն պնդումին, թէ հայ – ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի երկու չհամաձայնեցուած յօդուածներէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի, միւսն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մասին է:
«Նշուածը բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Ինչպէս հրապարակայնօրէն նշած է վարչապետ Փաշինեան` 2 տակաւին չհամաձայնեցուած կէտերը կը վերաբերին մէկը սահմանին երրորդ ուժերու տեղակայման նիւթին, միւսը` իրարու դէմ միջազգային իրաւական կառոյցներուն մէջ ներկայացուած բողոքներու նիւթին: Սա հաստատած է նաեւ պաշտօնական Պաքուն», ըսած է Ռուբէն Ռուբինեան:
Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիյաֆեթ Ասքերով աւելի կանուխ ըսած էր, թէ «այս պահու դրութեամբ խաղաղութեան համաձայնագիրի 17 կէտերէն 15-ը համաձայնեցուած են, չհամաձայնեցուած երկու կէտերէն մէկը կը վերաբերի Զանգեզուրի միջանցքի բացման, երկրորդ կէտը տարածքային պահանջներն են, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի Սահմանադրութեամբ»: