Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Կ՛ուզէ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքել Ոչ Թէ Հայաստանի Վարչապետին, Այլ Հայաստանի Պետութեան Հետ» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Փետրուար 22, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան կ՛ուզէ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել հայկական պետութեան եւ ոչ թէ վարչապետին հետ: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիյաֆեթ Ասքերով` պնդելով, թէ համաձայնագիրի ստորագրումը կը յետաձգուի Հայաստանի ձեռնածութիւններուն պատճառով:

Ան այս մասին ըսած է «Հայեացք դէպի ապագայ. գերիշխանութեան ամրապնդում նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:

Ասքերովի պնդումով` Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի ճնշումին տակ յետաձգած է խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը:

«Մինչեւ օրս 17 կէտերէն համաձայնեցուած է 15-ը: Չհամաձայնեցուած կէտերէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն է: Հայաստանը այս հոլովոյթի խաթարման պատասխանատուութիւնը սկիզբը նետեց Իրանի, ապա Ֆրանսայի, ապա Միացեալ Նահանգներու վրայ:

«Երկրորդ կէտը Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային պահանջներն են: Անոնց Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը պատկանի Հայաստանին, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն յայտարարած են նոր սահմանադրութեան մշակման մասին: Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ ընդունած է, որ սահմանադրութեան նախորդ փոփոխութիւնները չեն կրնար օրինական նկատուիլ: Իսկ մենք կ՛ուզենք համաձայնագիր կնքել ոչ թէ վարչապետին, այլ Հայաստան պետութեան հետ», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին` Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»

Յաջորդը

Երեւանը Կը Հերքէ, Թէ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ն Ու Սահմանադրութիւնը Համաձայնագիրի «2 Չհամաձայնեցուած Կէտերն Են»

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?