Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականները Այցելած Են Արցախ

September 21, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ֆրանք Փալոն, Թուլսի Կեպըրտ` Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի, Ամերիկայի հայկական համագումարի համանախագահ Էնթընի Պարսամեանի եւ «Հայաստան» հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու կառոյցի տնօրէն Մարիա Միհրանեանի ուղեկցութեամբ 20 սեպտեմբերին այցելած են Արցախ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն:

Քոնկրեսականները առաւօտեան Շուշիի մէջ դիմաւորած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան: Ապա հիւրերը այցելած են Շուշիի արհեստագործական ուսումնարան եւ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցի:

Ազգային ժողովի նախագահի աշխատասենեակին մէջ տեղի ունեցած առանձնազրոյցէն ետք կայացած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում, ուր հիւրերուն միացած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան: Նիստերու մեծ դահլիճին մէջ կազմակերպուած հանդիպումին մասնակցած են Արցախի օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, հանրային-քաղաքական եւ գիտակրթական բնագաւառներու պատասխանատուները:

Ներկայացնելով հիւրերը` Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, թէ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ մշտապէս կը զգան Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի աջակցութիւնը համահայկական նշանակութեան հարցերուն: Խօսելով անցեալ տարիներու համագործակցութեան մասին` Ղուլեան կարեւոր նկատած է 2006-էն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Արցախի անկախութեան նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպումը եւ Արցախի միջազգային ճանաչման հարցին մէջ քոնկրեսականներու հետեւողական ջանքերը:

«Պատահական չէ, որ ինքնին ամերիկեան նահանգներէն կու գան Արցախի անկախութեան ու ազատութեան սատարող առաջին ազդակները, որոնք կ՛արտայայտուին նահանգային մակարդակի օրէնսդիր մարմիններու կողմէ որդեգրուած բանաձեւերու տեսքով: Այդպիսի բանաձեւերը ո՛չ միայն կը քաջալերեն Արցախի ժողովուրդը ազատութեան համար անհաւասար պայքարին մէջ, այլ նաեւ անգամ մը եւս կը փաստեն Միացեալ Նահանգներու հաւատարմութիւնը ազատութեան բացարձակ գաղափարին», ընդգծած է Արցախի խորհրդարանի նախագահը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման համար` Ֆրանք Փալոն անդրադարձած է Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբին ու Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ձեւաւորուած աւանդութիւններուն եւ գոհունակութիւն յայտնած Արցախի մէջ տարուէ տարի նկատուող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային յառաջընթացին առիթով:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրանք Փալոն շեշտած է, որ իրենց գործունէութիւնը հիմնականին մէջ նպատակ ունի Արցախի մասին ամերիկեան հասարակութեան հասցնել երեք իրողութիւն` որ Արցախը իրաւական երկիր է, որ անիկա անկախացած է միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն համապատասխան եւ ունի արդիւնաւէտօրէն գործող պետական հիմնարկներ:

Քոնկրեսական Թուլսի Կեպըրտ` խօսելով Արցախ կատարած իր առաջին այցելութեան մասին, ընդգծած է, որ իբրեւ նախկին զինուորական քաջ կը գիտակցի պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն կողմէ խաղաղութեան ընկալման արժէքը եւ, իբրեւ իշխանութեան ներկայացուցիչ, հետագային եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ արցախցիներու արդար պահանջին:

Եզրափակելով հանդիպումը` խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ ամերիկացի գործընկերներու այցելութիւնը միասնական նպատակին` Արցախի միջազգային ներգրաւուածութեան ու ճանաչման ուղղութեամբ քայլ մըն է, որ արժանի է գոհունակութեան եւ բարձր գնահատանքի:

Նշենք, որ վերջին օրերուն ընթացքին Ամերիկայի Հայ դատի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանի ուղեկցութեամբ Արցախ այցելած էր նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Տէյվիտ Վալատաօ:

Նախորդը

Շոֆըր. «Արդարացի Լուծումը Պէտք Է Հիմնուի Միջազգային Իրաւունքի Վրայ»

Յաջորդը

Կարօ Փայլան Ծիծեռնակաբերդ Այցելեց

RelatedPosts

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.