Այսօր, Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 3-րդ շաբթուան մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի ըլլայ հիւրը Չեմփսին:
Ժամը 9:00-ին, մրցումը տեղի պիտի ունենայ Չեմփսի Հազմիէի դաշտին վրայ, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի փորձէ յաղթանակ մը եւս արձանագրել խումբի մը վրայ, որ Մթայլեպէն 33-38 արդիւնքով պարտուած էր առաջին մրցումին, իսկ անցեալ ուրբաթ Անդրանիկի դաշտին վրայ յաղթած Անդրանիկի` 50-59 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի նման 2 յաղթանակներ արձանագրած Ազուր այսօր պիտի մրցի Մթայլեպի դէմ: