Լիոնել Մեսսիի զաւակը` Թիակօ Մեսսի «Էմ. Էլ. Էս.»-ի 13 տարեկաններէն վար բաժակի մրցումի մը 11 կոլ նշանակած է` օգնելով Ինթեր Մայեմիին, որ յաղթէ Աթլանթային` 12-0 արդիւնքով:
Մեսսիի 12 տարեկան զաւակը իր հօր քայլերուն կը հետեւի կարծէք, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի զաւակը:
Այլ պատմական ֆութպոլիստ մը` Ճիանլուիճի Պուֆոն, որ Իտալիոյ պատմութեան լաւագոյն բերդապահներէն մէկն է, հպարտ է իր զաւկին վիճակէն, որ մօտ օրէն արհեստավարժ ֆութպոլի աշխարհ պիտի մտնէ, ըստ երեւոյթին:
Արդարեւ, Լուիս Թոմաս Պուֆոն, որ 17 տարիքը նոր ամբողջացուց, ընդգրկուեցաւ Իտալիոյ Բ. դասակարգի Փիցա ակումբին տոմարներուն վրայ:
Հետաքրքրական է, որ բերդապահ հօր քայլերուն չհետեւած Լուիս Թոմաս Պուֆոն յառաջապահ դիրքի վրայ կը խաղայ: Ան Փիցայի երիտասարդներու խումբին հետ 4 կոլ նշանակած է 3 մրցումներու ընթացքին: