Սերխիօ Ռամոս, որ 2024-ի ամառը լքելէ ետք Սեւիան ֆութպոլ չէ խաղցած, վերջերս պայմանագրութիւն ստորագրեց Մեքսիքոյի Մոնթիրէ խումբին հետ:
Ան տակաւին ելոյթ չունեցաւ իր նոր խումբին հետ, բայց արդէն իսկ նիւթական օգուտ բերած է թէ՛ ակումբին, թէ՛ ինքն իրեն:
Ան թիւ 93 շապիկը ընտրած էր, եւ իր շապիկը արդէն իսկ սկսած է մեծ քանակով վաճառուիլ երկրին ամբողջ տարածքին: Ան 2 տոկոս շահ ունի իւրաքանչիւր ծախուած շապիկի գինէն: Մոնթերէի համակիրներու մարզաշապիկները կ՛արժեն 1919 փեզօ, մինչ արհեստավարժ տարբերակը` 2699 փեզօ:
Մէկ խօսքով, Ռամոս իւրաքանչիւր շապիկի վրայ կը ստանայ 1,8 ամ. տոլարէն մինչեւ 2,7 ամ. տոլար:
Հաւանական է, որ Ռամոս դաշտ ներկայանայ յառաջիկայ մարտին: