Պրազիլցի յառաջապահ աստղ Նէյմար, որ ձմեռնային փոխանցումներու ընթացքին միացած էր Սանթոսի, լքելէ ետք Հիլալը, վերջերս Սանթոսի հետ մասնակցեցաւ Փաուլիսթայի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որ Սանթա կը մրցէր Ակուա Սանթայի դէմ եւ 3-7 արդիւնքով յաղթեց: Այս մրցումին Նէյմար նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց այլ կոլի փոխանցում:
Նէյմար նախապէս 2009-էն 2013 խաղցած էր Սանթոսի հետ եւ 225 մրցումներու ընթացքին նշանակած էր 136 կոլ` դառնալով ակումբին բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուն:
Հակառակ ասոր, Նէյմար (33 տարեկան) խորհրդակցութեան մէջ կը գտնուի իր նախկին ակումբ Պարսելոնայի հետ: Ան անձամբ կապի մէջ մտած է Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթայի հետ: Անոր նպատակը դրամը չէ, այլ 2026-ի մոնտիալին պատրաստուելու համար լաւագոյն մարզավիճակի մէջ ըլլալը: Նէյմար 2013-էն 2017 մաս կազմած էր Պարսելոնայի, ապա մեկնած էր Փարիզ Սեն Ժերմեն: