Ըստ «Տիարի» Սփորթ» կայքին, Ռէալ Մատրիտ ակումբը կրնայ հեռանալ սպանական «Լա լիկա»-էն եւ տեղափոխել Եւրոպայի մէկ այլ առաջնութիւն:
Ըստ աղբիւրին, Ռէալի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես յոգնած է իրաւարարներու սխալներէն եւ «Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպասի հետ իր լարուած վիճակէն:
Այս ընթացքով Ռէալ կրնայ որդեգրել «Պունտըսլիկա»-ի, «Սերի Ա.»-ի կամ «Լիկ 1»-ի տեղափոխութեան տարբերակը: Կը նշուի նաեւ, որ ատոր հասնիլն ալ շատ դժուար կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ Ռէալ Մատրիտ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հետ ալ լարուած յարաբերութիւն ունի, մասնաւորաբար վերջերս Ռէալ Մատրիտի «Սուփըր լիկ»-ի մրցաշարքի գաղափարէն ետք: