Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. 4 Մայիսին Մարաթոն

February 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Մարաթոն միութեան կազմակերպած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին միութեան նախագահ Մայ Խալիլ Պէյրութի միջազգային 20-րդ մարաթոնի թուականը յայտարարեց 4 մայիսին, Պէյրութի ծովեզերայ շրջանին մէջ: Այս տարուան մարաթոնի կարգախօսն է «Եկէք վազենք աւարտէն սկիզբ, որպէսզի մնայ Լիբանանը»:

Քաղաքական դէմքեր, ինչպէս նաեւ «Օ. Էմ. Թի.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հիքմաթ Ապու Զէյտ ներկայ էին, նաեւ ներկայ էին ընկերութեան վարչական պատասխանատուներ, մանաւանդ որ «Օ. Էմ. Թի.»-ն կը հովանաւորէ մարաթոնը:

Ներկայ էին նաեւ օտար միջազգային ներկայացուցիչներ` մասնակից երկիրներ ներկայացնող, ինչպէս նաեւ Աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նաամթալլահ Պաժժանի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի ներկայացուցիչ Խալետ Նասեր, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ ուսումնական խորհուրդներէ:

Բացման խօսքը արտասանեց Պէյրութ մարաթոնի մամլոյ ներկայացուցիչ Հասսան Մուհիէտտին, ապա ելոյթ ունեցաւ հիւր լրագրող Ռիքարտօ Քարամ` խօսելով «Լիբանան անցած եւ այժմու փորձութիւններուն մասին, որոնք մեզի սորվեցուցին յոյսը պահել, որովհետեւ աշխատանքի եւ դիմանալու միակ ձեւն է: Այս ձեւով Պէյրութ մարաթոն իր կազմակերպած մրցումներով մեծ դեր ունէր միացնելու լիբանանցի ժողովուրդը` նկատի ունենալով, որ յաճախ կը վազենք հասնելու մեր նպատակին…»:

«Ֆենոմենա» ընկերութեան տնօրէն Սամի Սաապ խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մրցումին ծանուցումները ճիշդ ձեւով տարածել: Աւելի ուշ Ապու Զէյտ շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան եւ անոր տնօրէն Մայ Խալիլի եւ ըսաւ. «Ամէն անձ իր կեանքին մէջ կը վազէ հասնելու իր նպատակներուն, որոնց կարգին` դպրոցին, համալսարանին, գործին եւ ընտանիքին յաջողութեան: Պէտք է միշտ յիշենք, որ մարաթոնը լիբանանցի երիտասարդներուն յոյսի պատգամ մըն է` հաստատելով, որ «ամէն վերջ նոր սկիզբի առաջին քայլն է… պէտք է Պէյրութի համար վազենք, պէտք է Լիբանանի համար վազենք»:

Վերջին խօսքը առաւ Մայ Խալիլ` նշելով, որ բոլոր ձեւի մարտահրաւէրները եւ Լիբանանի այժմու դժուար կացութիւնը պատճառ դարձան, որ Պէյրութ մարաթոն միութիւնը աւելի լուրջ ձեւով որոշէ կայացնել այս մրցումը այս ժամանակով, վերստին յոյս ներշնչելու եւ ուրախութիւն պատճառելու լիբանանցի ժողովուրդին:

Ան աւելցուց. «Ճիշդ այս պատճառով որոշեցինք սկսիլ մրցումը Լիբանանի սրտէն` Պէյրութէն եւ յատկապէս խորհրդարանէն, որ կը ներկայացնէ ազգային խորհրդանիշ մը եւ ժողովրդավարութեան թիւ 1 դիրքը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութեամբ: Եւ այս խորհրդարանը վերջերս ականատես էր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութեան երկար ժամանակ երկրին առանց նախագահի մնալէ ետք»:

Խալիլ քաջալերեց բոլորը, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն մրցումին Լիբանանի վերականգնման համար, որովհետեւ մարմնակրթութիւնը միակ միացնող բանն է երկրին մէջ եւ կը կրթէ սերունդները մարզական ոգիով:

Նախորդը

Սառոյցի Վրայ Պար. Ատելիա Պետրոսեան Ռուսիոյ Ախոյեան

Յաջորդը

Իրան Անհեթեթ Կը Նկատէ Թեհրանի «Ապակայունացնող Պահուածքին» Վերաբերեալ «Եօթներու Խմբակ»-ի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մեկնաբանութիւնները

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այս Հինգշաբթի` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ինմաա Տամուր
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այս Հինգշաբթի` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ինմաա Տամուր

January 6, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Արսենալ Կը Սուրայ, Պարսելոնա Ինթէր Եւ Լանս Առաջին Մնացին
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Կը Սուրայ, Պարսելոնա Ինթէր Եւ Լանս Առաջին Մնացին

January 6, 2026
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց  Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.