ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր երկրորդ մրցումը կատարեց շաբաթ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, երբ 103-46 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Հուփսը:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր 13 մարզիկները ներկայացնելէ ետք սկսաւ մրցումին եւ առաջին մասին 21-14 արդիւնքով յառաջացաւ: Բ. մասին Հուփս աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 18 կէտեր` ՀՄԸՄ-ի 22 կէտերուն դիմաց:
Կիսախաղին 42-32 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ աւելի լաւ պահեստի մարզիկներ ունենալով կրցաւ 29 կէտ նշանակել` նոյն պահուն Հուփսին դէմ պաշտպանելով եւ 9 կէտ ստանալով: Վերջին մասին մեծամասնութեան, ՀՄԸՄ Անթիլիաս խաղցաւ առանց իր օտարներուն եւ 31-5 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Հուփսը` 103-46 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները իրենց 2 մրցումներուն ալ յաղթանակով աւարտեցին Ազուրի նման, որ Բ. դասակարգէն բարձրանալով լաւ խումբ մը պատրաստած է:
ՀՄԸՄ-ի 12 մարզիկներն ալ, որոնք մասնակցեցան մրցումին, կէտեր նշանակեցին: Տանիելլա Ֆայյատ 20 կէտ նշանակեց, մինչ ամերիկացիներ Քենետի Կէյվըն (18 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եւ Իկի Էլըն (16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) լաւ մրցումը մը ունեցան: Փաթիլ Ասատուրեան 10 կէտ նշանակեց, մինչ Փերլա Պու Նասր (12 կէտ) եւ Ալիք Քէշիշեան (9 կէտ) իրենց կարգին փայլուն մրցում ունեցան: Ալիք Քէշիշեան 6 վայրկեան մասնակցեցաւ եւ նշանակեց 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ: Կապրիելա Սաատ 30 վայրկեան խաղցաւ` նշանակելով 5 կէտ, բայց ձեռք ձգեց 15 էսիսթ: Սթեֆանի Հատտատ 5 կէտ նշանակեց, Նարինէ Կէօքճեան 2 կէտ, իսկ խմբապետ Ալիք Թապաքեան (2 կէտ) եւ Անիելա Հաւանճեան (2 կէտ) իրենց կարգին կողովներ նշանակեցին:
Ազուր, ինչպէս նշեցինք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի նման իր 2 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է` պարտութեան մատնելով անցեալ տարուան ախոյեան Ռիատի (77-80) եւ փոխախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ (54-41) խումբերը:
Ամար Մանսուր Ռիատիի դէմ 21 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ 36 տարեկան ամերիկացի Իթալի Լուքաս 20 կէտ նշանակեց իր առաջին եւ միակ մրցումին Ռիատիի դէմ: Մելոտի Սալեհի (17 կէտ), Մարիա Ղալեսի (15 կէտ), ինչպէս նաեւ Այտա Պախոսի ներկայութիւնը մեծ դեր կ՛ունենայ Ազուրի յաջողութիւններուն մէջ, Թինա Ռաֆֆուլ իր կարգին Պէյրութի դէմ մրցելէ ետք լաւ ելոյթ մը ունեցաւ Ռիատիի դէմ:
Անդրանիկ եւ Էն. Էս. Էյ. միակ խումբերն ալ, որոնք տակաւին յաղթանակ չէին արձանագրած 2 մրցումներէ ետք:
Ստորեւ` 2-րդ շաբթուան մրցումներուն արդիւնքները.
Մթայլեպ – Պէյրութ Ֆըրսթ 66-74
Ռիատի – Ազուր 77-80
Անդրանիկ – Չեմփս 50-59
Պքեննայա – Էն. Էս. Էյ. 83-42
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս 103-46
Գ. հանգրուանը կը սկսի այսօր, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիաս չորեքշաբթի գիշեր պիտի մրցի Չեմփսի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Հազմիէ: