Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը Քաթարի մէջ առանց հիմնական կազմի մարզիկներ Ուաէլ Արաքժիի, Ամիր Սէուտի, Ալի Հայտարի, Սերժիօ Տարուիշի, Հայկ Կէօքճեանի, Օմարի Սփելմանի եւ Եուսեֆ Խայյաթի, կրցաւ շաբաթ օր պարտութեան մատնել Ֆիլիփեան կղզիները` 75-54 արդիւնքով:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ իր առաջին մրցումին Եգիպտոսէն պարտութիւն կրած էր 70-82 արդիւնքով, կրցաւ ինքզինք վերագտնել եւ շնորհիւ Ալի Մըզհերի, Ժատ Խալիլի, Քարիմ Զէյնունի, Ժերար Հատիտեանի եւ Աթեր Մաժոքի լաւ մրցում մը ունենալ ու յաղթել Ֆիլիփեան կղզիներու ազգային խումբին, որ կը խաղար առանց Քայ Սոթոյի:
Պէտք է ըսել, որ Լիբանանի տղաքը շատ լաւ ելոյթ ունեցան, մանաւանդ որ կային մարզիկներ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով նկատի կ՛առնուէին ազգային խումբին մէջ:
Ստորեւ 14 մարզիկները, որոնք մեկնեցան Տոհա` մասնակցելու Քաթարի միջազգային մրցաշարքին.
Ալի Մըզհեր, Ալի Մանսուր, Ժատ Խալիլ, Քարիմ Զէյնուն, Ռուտի Հաժ Մուսա, Մարք Խուէյրի «Պոպօ», Օմար Ժամալէտտին, Մարք Խուրի, Քարիմ Ռթէյլ, Կապրիէլ Սամահա, Ժերար Հատիտեան, Քարիմ Իզզէտտին, Ժան-Լիւք Մախլուֆ եւ Աթեր Մաժոք: