ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2024-2025 տարեշրջանի պասքեթպոլի մրցաշարքի երրորդ շաբթուան խաղերը տեղի ունեցան կիրակի, 9 փետրուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ուր արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Փոքր տղաք, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան 38-18
Մխիթարեան վարժարան – Ազգային միացեալ վարժարան 62-26 փոքր աղջիկներ, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան – Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան 27-21
Մեծ տղաք, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Ազգային միացեալ վարժարան 57-36
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան – Մխիթարեան վարժարան 52-32
Մեծ աղջիկներ, Մխիթարեան վարժարան – Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան 33-58
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան – Ազգային Միացեալ վարժարան 64-7
Վաղը տեղի կ՛ունենան պասքեթպոլի 4-րդ շաբթուան մրցումները` հետեւեալ յայտագիրով.
Ժամը 8:00-ին, մեծ տղաք, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան – Դպրեվանք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
Ժամը 9:15-ին, մեծ տղաք, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան
Ժամը 10:30-ին, փոքր տղաք, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
Նշենք, որ այս կիրակի պիտի սկսին փինկ փոնկի մրցաշարքի մրցումները: