Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոփիքին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ Օգնելու Երեւանին Եւ Պաքուին»

February 12, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին հաստատած է ռուսական կողմի վճռականութիւնը` աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Անոր համաձայն, հայ-ռուսական երկկողմանի երկխօսութեան օրակարգին վրայ Մոսկուան առաջնային ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանային անվտանգութեան հարցերուն:

«Ռուսիան վճռականութեամբ լեցուն է անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր ուղղութիւններով յարաբերութիւններու կարգաւորման, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու զարգացման գործին մէջ, ներառեալ` հաւասարակշռուած եւ փոխադարձ ընդունելի խաղաղութեան համաձայնագիրի կէտերու մշակման, սահմաններու սահմանազատման ու սահմանագծման եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործին մէջ», յայտարարած է Քոփիրքին` խօսք արտասանելով Ռուսիոյ դիւանագիտական աշխատողի օրուան վերաբերեալ ընդունելութեան ժամանակ:

Անոր խօսքով, ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւնները կը նկատուին շրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ նոր իրողութիւններուն համահունչ, սակայն առանցքային տարրը կը մնայ երկու կողմերու համոզմունքը առ այն, որ սերտ ռազմավարական գործընկերութիւնը կը համապատասխանէ երկու երկիրներու եւ եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն:

Քոփիրքին յայտնած է նաեւ, որ այս մօտեցումը հաստատուած է 21 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Արարատ Միրզոյեանի միջեւ կայացած բանակցութիւններով:

Ան աւելցուցած է, որ ռուս-հայկական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգանան, եւ Ռուսիան հաստատակամօրէն կը պահպանէ իր տեղը` իբրեւ Հայաստանի հիմնական արտաքին առեւտրական եւ ներդրումային գործընկեր:

Քոփիրքին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Փաշինեանին փոխանցուած է Մոսկուայի մէջ Յաղթանակի օրուան նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցութեան պաշտօնական հրաւէրը:

Ան նշած է, որ հայ-ռուսական երկկողմանի երկխօսութեան օրակարգին վրայ Մոսկուան առաջնային ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանային անվտանգութեան հարցերուն:

 

Նախորդը

Կալուզին. «Եւրոպական Միութիւնը Արդէն Հայաստանէն Հակառուսական Քաղաքականութիւն Կը Պահանջէ` Ոչինչ Խոստանալով»

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Կը Քննարկէ Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Գործընթացի Մեկնարկի Մասին Օրէնքի Նախագիծը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.