Եւրոպական Միութիւնը արդէն Հայաստանէն կը պահանջէ քաղաքական հաւատարմութիւն եւ միանալ հակառուսական պատժամիջոցներուն` փոխարէնը Երեւանին որոշակի ոչինչ խոստանալով: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ տարբեր նախագիծերու շուրջ բանակցութիւններ սկսելու հարցին` յօգուտ մերձեցման եւ, մասնաւորաբար, առանց մուտքի արտօնագիրի, ապա, այո՛, նման բանակցութիւններ սկսած են: Մենք կը տեսնենք, որ Եւրոպական Միութիւնը այստեղ ալ հաւատարիմ է ինքն իրեն, առանձնապէս որոշ խոստումներ չտալով, արդէն Հայաստանէն կը պահանջէ քաղաքական հաւատարմութիւն եւ միանալ հակառուսական պատժամիջոցներուն», նշած է ան:
Կալուզին նշած է, որ Մոսկուան Երեւանի համար յստակ նշած է Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան միաժամանակեայ անդամակցութեան անկարելիութիւնը:
«Ասոնք բոլորովին տարբեր համակարգեր են, եւ անոնց մէջ նոյն ատեն ըլլալը ուղղակի անկարելի է», ընդգծած է Կալուզին:
Ան աւելցուցած է, որ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը երկրին կը բերէ «շօշափելի եւ նշանակալի երկարաժամկէտ օգուտներ` առեւտուրի յաւելման եւ ներդրումներու յաւելման տեսքով»:
Կալուզին «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Մոսկուան կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցային ձեռքբերումները երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով, նոյն ատեն ցաւով կ՛արձանագրէ, որ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը «սառեցուած է»:
«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք, նախ եւ առաջ մեր ընկերներուն, վերադառնալու այդ խումբի ծիրին մէջ գործունէութեան: Ռուսական կողմը միշտ պատրաստ է որեւէ տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու կողմերուն, եթէ անոնք ուզեն», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը: