Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Կը Քննարկէ Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Գործընթացի Մեկնարկի Մասին Օրէնքի Նախագիծը

Փետրուար 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովը 11 փետրուարին սկսաւ քննարկել քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, նիստին հիմնական զեկուցումով հանդէս եկաւ Արտակ Զէյնալեանը, որ ներկայացուց նախագիծի հիմնական դրոյթները եւ հիմնաւորումները:

Անոր համաձայն, օրէնքի վերջնական տարբերակը, որ հաւանութեան արժանացած է Եւրոպական համարկումի յանձնախումբին մէջ, ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը` արտայայտելով Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամքը, խնդիր դնելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնել անվտանգ, ապահով, զարգացած, բարեկեցիկ երկիր` կը յայտարարէ Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկը»:

«Եւրոպական միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի ընդունման նպատակը յառաջադէմ, քաղաքակիրթ, զարգացած մարդկութեան ընտանիքին անդամակցելու Հայաստանի ժողովուրդի, անոր ներկայ իշխանութիւններու կամքի, վճռականութեան ամրագրումն է: Օրէնքը կը յայտարարէ նախաձեռնողներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին, որ պիտի կանխորոշէ Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումներու եւ գործելակերպի ուղղուածութիւնն ու տարողութիւնը:

«Աշխարհաքաղաքական ստեղծուած իրավիճակին մէջ օրէնքը, անոր ընդունման ձեւն ու միջոցը պիտի մեծցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ամրակայումը, դիմադրունակութիւնը: Օրէնքի ընդունումը ժողովրդավարութիւնը, քաղաքացիներու պետական կառավարման մասնակցութեան իրաւունքն ու ատոր գործնականին մէջ իրագործումը, իրաւունքի գերակայութիւնը պիտի դարձնէ անշրջելի, պիտի վերականգնէ պետութեան քաղաքականութեան կանխատեսելիութեան նկատմամբ հաւատքն ու վստահութիւնը», ընդգծեց Զէյնալեան:

Յայտնենք, որ Ազգային ժողովին մէջ այս օրէնքի նախագիծին քննարկումը պիտի շարունակուի այսօր:

 

Նախորդը

Քոփիքին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ Օգնելու Երեւանին Եւ Պաքուին»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?